Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

December 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին յիշատակը նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 24 դեկտեմբեր 2023-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, մինչ ս. սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը կեդրոնացաւ Ս. Ստեփանոսի նուիրական կեանքին վրայ, որմէ ետք անդրադարձաւ Քրիստոսի աշխարհ գալով` ծառայութեան հասկացողութեան փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ` ներկայ դարուս քրիստոնէական ծառայութեան կիրարկման եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատուցած ծառայութեանց:

Գեղամ սրբազան դիտել տուաւ, թէ ծառայողները, որոնք սարկաւագ անունով պիտի ճանչցուէին, գործի լծուած են, երբ առաքեալները խնդրած են հաւատացեալներէն ուտելիքի մատակարարողներ ընտրեն իրենց մէջէն, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ հաւատացեալները հաւաքական կեանք կ՛ապրէին: Ժամանակի ընթացքին ֆիզիքական սնունդը փոխարինուած է հոգեւոր սնունդով, իսկ սեղանը` ս. խորանով: «Ս. Ստեփանոսի օրը եղաւ ծառայութեան պատուի օր», ընդգծեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոս ինքն է ծառայութեան օրինակը, բան մը, որ այդ ժամանակ խորթ կը թուէր ժողովուրդին, որովհետեւ ծառան ստրուկ էր եւ ոչ մէկ բանի իրաւունք ունէր` բացի իր տիրոջ ծառայելէ: Քրիստոս եկաւ ծառայութիւնը դարձնելու մարդասէր, օգտակար եւ սիրայօժար ծառայութեան, որ ամէնէն մեծ ղեկավարը կը դարձնէ ամէնէն մեծ ծառան: Այս իմաստով, քարոզիչ սրբազանը իր խօսքը ուղղեց դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ յորդորեց զանոնք սարկաւագաց աստիճանի փոքր ծառայութեան հաւատարիմ ըլլալով` կերտել գալիք հոգեւորական աստիճաններու ծառայութեան պատրաստակամութիւնը, միշտ անկեղծ ու հաւատարիմ մնալով դպրեվանքի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շունչին: Վերջապէս, Գեղամ արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ ծառայական կեանքին դպրեվանքի կեդրոնական դերին եւ յանուն միաբանութեան ու հաւատացեալներուն` վեր առաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ծառայական առաքելութիւնը` երախտագիտութիւն յայտնելով անոր նուիրումին եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ քաջառողջութիւն եւ պայծառամտութիւն պարգեւէ հայոց հայրապետին:

Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալները, դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն թափօրին առաջնորդութեամբ, ուղղուեցան վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ սարկաւագաց տօնը նշող կոկիկ յայտագիր մը, որ ընթացք առաւ «Նարեկ»-ի ընթերցումով` Վահէ սրկ. Ֆիլիկեանի կողմէ: Դպրեվանքի սարկաւագները հրամցուցին «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» ու «Որ ընտրեցար» Հայ եկեղեցւոյ գեղեցիկ շարականները, իսկ Սերժ սրկ. Քիւշէրեան ասմունքեց «Ստեփանոս» կտորը: Յանուն դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն` ուղերձ կարդաց աւարտական դասարանի աշակերտներէն Սուրէն սրկ. Եղիայեան, որ ընդգծեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Ս. Ստեփանոսի տօնի նշման գեղեցիկ աւանդութեան կարեւորութիւնը, որ առիթ է սարկաւագութեան կոչումին ու եկեղեցական աստիճանին վերարժեւորման: Ան յայտնեց, որ սարկաւագ բառը իր մէջ կ՛ամփոփէ քրիստոնէութեան ամբողջ հասկացողութիւնը, իսկ Անթիլիասի առաքելութիւնը կ՛ամփոփուի մէկ բառով` ծառայութիւն: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքի սարկաւագներուն առջեւ կը բացուի Քրիստոսի ծառայութեան նոյն եւ միակ ուղին, որպէսզի անոնք շարունակեն ապրիլ Քրիստոսի պատկերին համաձայն: Տիրացուն վստահեցուց, որ իրենց` եկեղեցւոյ խոնարհ կարգի սպասաւորներուն համար ծառայութիւնը դարձած է կեանքի նշանաբան, ուստի, յանուն իր սարկաւագ եղբայրներուն, ուխտեց հաւատքով ու գործով եւ գիտակցաբար ստանձնել իրենց վստահուած կոչումը եւ սրբազան պարտաւորութիւնը:

Աւարտին  վեհափառ հայրապետը իր պատգամին առանցքը դարձուց Ս. Ստեփանոսի անձն ու գործը բնորոշող յատկութիւններէն համեստութիւնը, որուն համար ան ըսաւ, որ կրօններու, բնականաբար` նաեւ քրիստոնէութեան, բարոյական արժէքներու կարգին յատուկ տեղ ունենալով հանդերձ, դժբախտաբար այսօր սկսած է կամաց-կամաց նուազիլ մարդկային կեանքէն: Կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ որքա՜ն հրամայական է համեստութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: «Համեստութեան աղբիւրը եղաւ ու կը մնայ Աստուած ինք», որ երկինքէն երկիր իջաւ, Իր Միածին Որդւոյն ճամբով եւ ապրեցաւ ամէնէն համեստ պայմաններուն մէջ: Ինչպէս որ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան մէջ կը տեսնենք, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ սուրբերու ու հայրապետներու կեանքին մէջ յստակօրէն կ՛արտացոլայ համեստութեան տիրական ներկայութիւնը:

Հայրապետը աւելի մանրամասնելով միտք բանին` յայտնեց, որ համեստութիւնը մեծութեան եւ հեղինակութեան նշան է, որ դժբախտաբար յաճախ մարդիկ կը շփոթեն տկարութեան ու խեղճութեան հետ, մինչ խորքին մէջ իսկական մեծութիւնը ինքզինք համեստութեամբ կ՛արտայայտէ: Այս երեւոյթին պատճառներէն են համաշխարհայնացած աշխարհին մշակոյթը, որուն պարտադրած արժէքները «մեծութիւնը» տգիտութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ կ՛արտայայտուի: Առ այդ, հայրապետը յորդորեց միշտ հետեւելու Ս. Ստեփանոսի օրինակին. «Այսօրուան պատգամը մեզի կու գայ Ս. Ստեփանոսէն, եւ Ս. Ստեփանոսը իր կեանքի օրինակով մեզի կը յուշէ, որ մենք պէտք է մեր կեանքը ապրինք համեստութեամբ: Մեր արժէքները, արժանիքները, առաւելութիւնները համեստութեան ճամբով արտայայտենք: Մեր մեծութիւնը, մեր իրագործումները համեստութեան ճամբով փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր հայրենիքին», ընդգծեց կաթողիկոսը:

Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն` հայրապետը ըսաւ. «Սիրելի՛ սարկաւագներ, Ս. Ստեփանոսը պէտք է դառնայ տիպար մեզի համար, տիպար` համեստութեան, եւ մենք այդ ոգիով դպրեվանքին մէջ պիտի մեծնանք ու կազմաւորուինք, որպէսզի երբ երթանք մեր ժողովուրդին, ան տեսնէ մեր մեծութիւնը, մեր ծառայութիւնը, մեր փառքը, մեր պատիւը` մեր համեստութեան մէջ: Ս. Ստեփանոսի ճամբով մենք պիտի քալենք իբրեւ հարազատ ճշմարիտ սարկաւագութեան տիպար»: Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց` բարձր գնահատելով դպրեվանքի տեսչութեան կազմը, տեսուչ հայր սուրբն ու ուսուցչական կազմը եւ սպասում յայտնեց, որ Ս. Ստեփանոսի ոգիով շարունակեն կազմաւորել դպրեվանքի տղաքը:

Արամ Ա. Այցելեց «Թռչնոց Բոյն»,
Ազգային Ծերանոց Եւ Ազգային Բուժարան

Արամ Ա. կաթողիկոս տօնական օրերուն առիթով հայրական այցելութիւններ տուաւ  «Թռչնոց բոյն», Ազգային ծերանոց եւ Ազգային բուժարան, հանդիպեցաւ հոն ապաստանած ծերերուն ու մանուկներուն հետ:

– 24 դեկտեմբեր 2023-ին հայրապետը «Թռչնոց բոյն»-ի թռչնիկներուն կողմէն սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուց` շրջապատուած տօնական մթնոլորտով: Մտերմիկ հանդիպման պահուն փոքրիկները հրամցուցին Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան երգեր ու արտասանութիւններ: Անոնց ցնծութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ վեհափառ հայրապետէն ստացան նոր տարուան իրենց նուէրները:

Աւարտին Արամ Ա. իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մանուկներուն եւ գնահատեց հոն տարուող աշխատանքները: Ան նաեւ գնահատեց պատասխանատու հայր սուրբերը`   Տաճատ վրդ. Աշըգեանը եւ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանը, տիկնանց յանձնախումբը, պաշտօնէութիւնը եւ «Թռչնոց բոյն»-ի բարերարները, նուիրատուներն ու բարեկամները:

– 19 դեկտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. այցելեց Ազգային ծերանոց, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանի, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ մեծ հայրերու ու մայրերու կողմէ:

Պատուելի Թերզեան ողջունեց հայրապետին ներկայութիւնը հայ տարեցներու տան մէջ եւ երախտագիտական զգացումներով յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս անցնող տարիներու դժուարին ու տագնապալի պայմաններուն մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ ու զօրավիգ կանգնեցաւ ազգի այս տան: Պատուելին վստահեցուց, որ հայ տարեցներու տան բնակիչները եղած են մեր ազգի զաւակներուն ուշադրութեան առարկան եւ միշտ վայելած են անոնց հոգատարութիւնն ու խնամքը:

Ապա միաբան հայրերը տօնական ու ազգային երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը եւ մամիկներն ու պապիկները վերապրեցուցին ու ներշնչեցին Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ոգիով ու պատգամով:

Հուսկ, վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու ողջոյնի խօսքը յղեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցին հետեւելով Քրիստոսի օրինակին` միշտ եղած է ծառայական ներկայութիւն մեր ազգի զաւակներու կեանքին մէջ, եւ այս տունը այդ ծառայութեան գործնական արտայայտութիւններէն մէկն է: Այստեղ մեր տարեցները ո՛չ միայն առողջական ու բժշկական խնամք կը ստանան, այլեւ` սէր, հոգատարութիւն եւ որդիական գուրգուրանք: Կաթողիկոսը վստահեցուց տարեցները, թէ ինչպէս ինք անձնապէս մնայուն կապի մէջ է տնօրէնին հետ եւ կը հետաքրքրուի անոնց կարիքներով, նոյնպէս ալ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց օժանդակութեամբ եւ նուիրատուութեամբ միշտ սատար կը կանգնին սփիւռքի կեանքին մէջ յոյժ կարեւորութիւն ներկայացնող այս եզակի հաստատութեան:

Իր խօսքի աւարտին հայրապետը բարձր գնահատեց տնօրէն պատուելիին նուիրեալ ու բծախնդիր աշխատանքը, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբին պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը, բժիշկներուն ու բուժքոյրերուն անշահախնդիր աշխատանքը եւ Ազգային ծերանոցի առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող բոլոր բարերարները, նուիրատուները եւ բարեկամները: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ իր բարեմաղթութիւններով ծառայական նոր շունչ ու ոգի մաղթեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ամբողջ աշխատակազմին:

Երկուշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ խնամակալութեան յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իրազեկ դառնալ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները յղել ապաստանեալ մամիկներուն ու պապիկներուն:

Իր օրհնութեան ողջոյնի խօսքին մէջ կաթողիկոսը իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անցնող տարիներու տառապալից պայմաններէն ետք, ահաւասիկ դարձեալ առիթը կ՛ունենայ ըլլալու բուժարանին մէջ ապաստանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Ան յիշեցուց, որ այս հաստատութիւնը եզակի դերակատարութիւն ունի սփիւռքի կեանքին մէջ, միաժամանակ վստահեցնելով, որ այս հաստատութեան մէջ պատսպարեալները յատուկ հոգատարութեան ու խնամքի տակ կը գտնուին` ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմաններն ու իրողութիւնները: Այս առիթով հայրապետը տօնական իր բարեմաղթութիւնները յղեց բուժարանի բնակիչներուն, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, պաշտօնէութեան ու բժշկական կազմին, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լաւագոյն պայմաններու մէջ պահելու մեր մամիկներն ու պապիկները:

Յիշեալ հանդիպումէն ետք վեհափառ հայրապետը տեսակցութիւն մը ունեցաւ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ եւ այցելեց բուժարանի մատուռը: Այս առիթով ան անգամ մը եւս վստահեցուց ժողովականները, որ Ազունիէի Ազգային բուժարանը ամբողջական զօրակցութիւնն ու նեցուկը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հանդիպում ունեցաւ բուժարանի խնամակալութեան հետ, ուր հայրապետին յայտնուած էր, որ Ազգային բուժարանը ունի զանազան ծրագիրներ, որոնց նպատակն է վերակազմակերպել ու աւելի ընդարձակել բուժարանին գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Վիթոր Ռոքէ Հասաւ Պարսելոնա

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.