ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Հալա Հատտատ:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ տեղական, շրջանային, միջազգային եւ հայկական իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ այս դարաշրջանը գահավիժումի դարաշրջան է ամէն իմաստով, յատկապէս` մարդկային արժէքներու առումով:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան` յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսի նշոյլ մը առկայ է:
Միւս կողմէ, ան իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին եւ յոյսի պատգամի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ անձնատուր ըլլալը արգիլուած է:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ: