Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Ծաղկազարդի Առիթով Յանձնարարեց Ծնողներուն, Որ Քրիստոնէական-Ազգային Ապրումներով Ու Արժէքներով Թրծեն Իրենց Զաւակները

March 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով մանուկներու, երիտասարդ ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու: Այս իրողութիւնը ա՛լ աւելի ներշնչող կը դարձնէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, եւ հոգեպարար արարողութիւնը ա՛լ աւելի կը լիացնէ հաւատացեալը:

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. պատարագը մատուցեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպներու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան:

Միաբան հայրերէ, դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ կազմուած աւանդական թափօրէն ետք, հաւատացեալները մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած` ունկնդրեցին վեհափառ հայրապետին պատգամը:

Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական ջերմ սիրով ողջունելէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս` մանուկները, ուրախութիւն յայտնեց, որ հակառակ մեր առօրեան խախտող տարբեր դժուարութիւններու, դարձեալ հաւաքուած ենք` դիմաւորելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ. «Եկած ենք Քրիստոսի ներկայութեամբ մեր հաւատքը աւելի զօրացնելու եւ մեր սէրը աւելի ամրապնդելու, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով շարունակենք ապրիլ մեր քրիստոնէական ու ազգային կեանքը», ըսաւ ան: Վերյիշեցնելով «Ձգեցէ՛ք` մանուկները թող ինծի գան, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մանուկներուն կը պատկանի» տէրունի պատուէրը` հայրապետը ընդգծեց, որ մեր ազգին ապագան կը պատկանի մեր մանուկներուն, ուստի մեր մանուկներուն քրիստոնէական ու ազգային կազմաւորումը մեր ծնողներուն սրբազան առաքելութիւնն է: Ուստի ան յանձնարարեց ծնողներուն, որ քրիստոնէական-ազգային ապրումներով ու արժէքներով թրծեն իրենց զաւակները:

Ապա Արամ Ա. վեհարանին մէջ ընդունեց մանուկներն ու անոնց ծնողները, որոնք աջահամբոյրով ստացան հայրապետական օրհնութիւն: Վեհափառ հայրապետը մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական օրերու սեմին ուրախութեամբ համակելով անոնց սրտերը:

Դռնբացէքի Արարողութիւն Կատարուեցաւ

Կիրակի, 24 մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ծաղկազարդի տօնին մեծաշուք հանդիսութենէն ետք, նախագահութեամբ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեզմայլ արարողութիւններէն դռնաբացէքը: Արարողութեան հանդիսապետեց «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպներու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան:

Օրուան խորհուրդին պատգամը յղելու համար Շահան սրբազան վեր առած էր Քրիստոսի լերան քարոզէն երանիներուն հինգերորդը` «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7): Ան ըսաւ, որ երբ մեր Տէրը եւ Արարիչը կը ստեղծէ տիեզերքն ու մարդը, մարդու արարումին նաեւ Իր օրհնութիւնը կը բաշխէ անոր: Աստուած ո՛չ միայն Իր նմանութեամբ եւ պատկերին համաձայն կը ստեղծէ մարդը, ինչպէս կ՛ըսէ Աստուածաշունչը, այլ նաեւ Իր նկարագրին մաս կազմող շնորհներ կը բաշխէ անոր: Մարդուն կու տայ Իր ողորմածութիւնը: Հիմնաւորելով իր խօսքը աստուածաշնչական ճշմարտացիութիւններով` սրբազան հայրը ըսաւ, որ Աստուածաշունչի ամբողջ երկայնքին, ամէն քայլափոխին, ո՛չ միայն սաղմոսերգուներուն, ո՛չ միայն առաջին ուխտին, այլ նաեւ Նոր կտակարանին մէջ Աստուծոյ մեզի գալը եւ այցելելը Իր ողորմութեան ու սիրոյ արտայայտութիւններն են: Ուստի, եթէ Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնենք, աստուածանմանութեամբ պէտք է ապրինք այս կեանքը:

Քարոզիչ սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ ողորմութեան կամ ողորմածութեան երեք ճշմարտութիւններ. ա) Աստուծոյ ողորմութիւնը նոյնինքն Աստուծոյ սէրն է, եւ Իր սէրը կը յայտնէ Իր գթառատութեամբ: Աստուածաշունչ մատեանը կ՛ըսէ, թէ Հոգին Սուրբ ստեղծագործութեան առաջին պահուն կը շրջէր ջուրերուն վրայէն, այլ խօսքով, կը գթար, կը խնամէր, կը գուրգուրար, կը սիրէր: Տէրը կը հրաւիրէ մեզ` երանիներուն մէջ գթառատ, սիրով լեցուն ըլլալ: բ) Երկրորդ յատկանիշը, կամ ողորմածութեան ներքին իմաստը ներողամիտ ըլլալն է, այսինքն ընդունիլ մէկը` հակառակ իր ըրածներուն ու մարդկային թերութիւններուն: Ընդունելի, որովհետեւ նաեւ մենք, մեր կարգին, մեղաւորներ ենք, թերութիւններ ունինք, մեր կեանքին մէջ սխալներ գործած ենք եւ եթէ չներենք անոնց մենք եւս ներում պիտի չի ստանանք: Եւ գ) Աստուած ողորմած է. առաջին ուխտին մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը նմանի մօր արգանդին, որ կը պաշտպանէ իր երեխան: Աստուած կը պաշտանէ, Աստուած օգնութեան կը հասնի, Աստուած կը փրկէ մեզ:

Եզրափակելով իր քարոզը` սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած. «Թակեցինք դուռդ, ո՜վ Տէր, բա՛ց մեզի. բա՛ց մեր կեանքի ճանապարհը: Նեղութեանց մէջ, տագնապներու մէջ, դժուարութեանց մէջ` անհատական, ընտանեկան, եկեղեցական, ազգային ու հայրենիքի կեանքին մէջ բա՛ց մեզի Քու ողորմութեանդ դուռը, եւ կը խոստանանք ողորմած ըլլալ` Քու նմանութեանդ եւ պատկերիդ համաձայն: Բա՛ց մեզի, ո՜վ Տէր. բա՛ց մեր կեանքի ճանապարհը: Դուն ես կեանքը, Դուն ես ճանապարհը, մեզ առաջնորդէ Քու արքայութեանդ եւ ողորմութեամբդ ընդունէ մեզ Քու արքայութենէդ ներս, որպէսզի բոլորս միասին փառաւորենք Քեզ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»:

 

Նախորդը

«Ծաղկազարդը Մեզ Սթափութեան Հրաւիրող Առիթ Է», Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Վայրէջքը Կասեցնել Է Պէտք

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.