Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկներու Օրուան Առիթով` ԼՕԽ-ականներ Այցելեցին Լիբանանահայ Վարժարաններ

Մարտ 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանուկներու օրուան առիթով, 20, 21 եւ 22 մարտին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբէն անդամներ այցելեցին լիբանանահայ վարժարաններ, ուր անոնք ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին ԼՕԽ-ն ու անոր առաքելութիւնը, ապա ցուցադրուեցաւ յանձնախումբին կողմէ այս առիթով յատուկ պատրաստուած մանուկներուն իրաւունքները լուսարձակի տակ առնող վիտէօ-երիզ մը: Աւարտին ԼՕԽ-ականները աշակերտներուն նուիրեցին թղթապնակներ, որոնց վրայ համապատասխան լուսանկարով նշուած է. «Սիրուած, ուրախ եւ առողջ ըլլալը իրաւունքս է»:

20 մարտին ԼՕԽ-ականները այցելեցին Հայ աւետարանական քոլեճ, 21 մարտին` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան,  Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան,  Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ,  Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգ. Միացեալ վարժարան,  Թէքէեան վարժարան,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, 22 մարտին` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան: Նոյնանման աշխատանք մը կատարուեցաւ նաեւ Այնճարի Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:

Թղթապնակներ ուղարկուեցան ու պիտի ուղարկուին նաեւ` Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, «Թռչնոց բոյն» եւ «Զուարթնոց» կեդրոն:

ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբի անդամներուն արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ այցելութեան առիթին` 21 մարտին, որ Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային օր է, իսկ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամները իրենց աշխատանքներուն ճամբով գիտեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է մանուկները սիրելը, անոնց գուրգուրալն ու անոնց իրաւունքները յարգելը:

Նշուեցաւ, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը զաւակներէն մէկն է Հայ օգնութեան միութեան, որ աշխատանք կը տանի ամբողջ աշխարհին մէջ, ունի բարեսիրական տարբեր ծրագիրներ` ծերերուն, հիւանդներուն, մանուկներուն եւ օգնութեան կարիք ունեցող բոլորին համար, կ՛ուզէ հանգիստ կեանք ապահովել մանուկներուն, ունի դպրոցներ, ուր հայ աշակերտներ կը յաճախեն, խաղավայրեր եւ գրադարաններ, ուր հայ մանուկներ ու պատանիներ թէ՛ կը խաղան եւ թէ՛ գիտելիք կ՛ամբարեն, դարմանատուներ, ուր բոլորը կրնան բուժուիլ եւ ապաքինիլ:

Մանուկներուն համար մատչելի եւ անմիջական ոճով ԼՕԽ-ականները ըսին. «Դուք ուրախ եւ հպարտ պէտք է ըլլաք, որ աշխարհի մէջ ձեր իրաւունքներուն յատուկ օր կայ, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ, որ դուք շատ կարեւոր էք, կարեւոր է, որ դուք ուրախ, առողջ, ապահով ըլլաք, հասակ նետէք, մեծնաք եւ ապագային դուք ալ ուրիշներու հոգ տանիք եւ օգնէք: Իբրեւ հայեր` դուք նաեւ պարտականութիւն ունիք օգնելու ձեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի ամէն մարդ աւելի լաւ ու ուրախ կեանք մը ունենայ»:

Հանդիպումի աւարտին նաեւ հարցում-պատասխանի ու մանուկներու իրաւունքներուն մասին զրոյցի առիթ ստեղծուեցաւ:

Յատկանշական էր, որ բոլոր վարժարաններուն տնօրէններն ու պատասխանատուները գոհունակութեամբ մօտեցան այս նախաձեռնութեան, որուն ճամբով ԼՕԽ-ի ու դպրոցին եւ աշակերտներուն միջեւ ուղղակի ու անմիջական կապ հաստատուեցաւ, ինչ որ առաւել եւս նպաստեց պատգամի տեղ հասնելուն:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Դաստիարակող, Կրթող, Միտք Զարգացնող Տարրեր

Յաջորդը

«Ծաղկազարդը Մեզ Սթափութեան Հրաւիրող Առիթ Է», Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?