Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Թուայնացնել Որեւէ Հրատարակութիւն

March 25, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան որեւէ հրատարակութիւն թուայնացնելու նպատակներուն, ձեւերուն, միջոցներուն եւ օգտագործման ձեւերուն:

Ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի արխիւներու եւ զանոնք թուայնացնելու պատասխանատու Թալին Գալայճեան բացատրեց արխիւները թուայնացնելու նպատակներուն, ինչպէս նաեւ ձեւերուն եւ միջոցներուն մասին:

Թ. Գալայճեան անդրադարձաւ նաեւ ձեռագիր մատեանները նկարելու նուրբ աշխատանքին եւ արխիւները պահպանելու յատուկ ձեւերուն: Ան մատնանշեց բոլոր այն տուեալները, որոնք պէտք է նկատի առնուին օրաթերթի արխիւ պահելու, զայն նկարելու եւ ապա ուսումնասիրութիւններու պարագային զայն օգտագործելու ընթացքին:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացան ձեռագիր մատեանի մը:

Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ իր գործնական բաժինը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ վկայեցին արխիւային աշխատանքը, ծանօթացան տարբեր ձեւի սթիւտիոներու դրութեան եւ թուայնացումի ամէնէն արդիական միջոցներուն, լուսանկարեցին արխիւներ եւ ծանօթացան ուսումնասիրութեան պարագային այդ արխիւներէն օգտուելու դրութեան եւ թեքնիքներուն:

Իբրեւ չորրորդ սերունդ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին կը մասնակցին Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայկազեան համալսարանի աշակերտներն ու ուսանողները:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Ռմբակոծեց Պեքաան

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդուեցաւ Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.