Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

March 25, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայերէնի Ուսուցիչ Պատրաստելը Անհրաժեշտութիւն Է», Շեշտեցին Համագործակցողները

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հինգշաբթի, 21 մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ ուսանողութեան հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը Համազգային-Հայկազեան երկարամեայ գործակցութեան` սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու: Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին ու նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ տասնամեակէ մը աւելի այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամէնուրեք տարածուիլ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք փափաքը ունին  հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու: Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, 1 տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ 2 տարի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին: Այսպիսով ուսանողը կ՛ունենայ մանկավարժութեան պսակաւոր արուեստի վկայական, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան մագիստրոս: Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթերուն` մասնագէտ ուսուցիչի հետ: Այս բոլոր ծախսերը` ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ, կը հոգայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուս աւելի քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէն լեզուն լաւապէս սորվեցնելու, այլ նաեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու առումով: Ան իր կարգին թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ հաստատութիւններուն այս առիթը իրեն ընծայելու համար: Սարգիս Եագուպեան աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը եւ, 6-ամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք, ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ:

Համագործակցութեան աւելի քան տասնամեակի մը առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Գարնանամուտի Նախաճաշ

Յաջորդը

Ալիեւի Նախապայմաններուն Մասին

RelatedPosts

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.