«Խրատ Ուղիղ Հաւատքի Եւ Առաքինի Մաքուր Վարքի» Հատորին Մասին Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 25 մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» հատորին մասին, որուն հեղինակն է ինք: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Անի Պաղտիկեան, որ անդրադարձաւ վերոյիշեալ գիրքի ծնունդին` ընդհանուր...




















