Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակին Առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Եւ Աղաճանեան Կարդինալի Կիսանդրիի Բացում

March 23, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ 21 մարտ 2024-ին Հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս-պատրիարքը մատուցեց հայրապետական սուրբ պատարագ` Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակին առիթով, ընթերակայութեամբ հայր Գաբրիէլ Մուրատեանի եւ հայր Գէորգ Նորատունկեանի:

Իր քարոզին մէջ ան վեր առաւ Աղաճանեան կարդինալի անձին մեծութիւնն ու գործին կարեւորութիւնը` ամբողջ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, այդ մէկը համարելով Աստուծոյ պարգեւը` հաւատարիմ հօտին: Հոգեւոր տէրը ոգեկոչեց յիշատակը մեծանուն ծիրանաւորին` զայն բնութագրելով որպէս համեստ, խոնարհ եւ չափազանց բարեսիրտ անձնաւորութիւն, մարդկային հազուագիւտ կարողութիւններու եւ յատկանիշներու տէր անձ մը, որուն անմիջականօրէն ճանչնալու բախտն ու պատիւը ունեցած է ինք` հաղորդ ըլլալով անոր ուրախութիւններուն ու տխրութիւններուն:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը շեշտեց, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիմնուած է այն մեծ զոհողութիւններուն ու ջանքերուն շնորհիւ, զորս յանձն առած էր կարդինալ Աղաճանեան` չափազանց դժուարին պայմաններու մէջ, երբ Լիբանանի հայերը տակաւին ուշքի իսկ չէին եկած Հայոց ցեղասպանութեան վէրքերէն ու ցաւէն, ի սէր նոր սերունդի լուսաւորութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ այս պատարագին հայորդիներու մեծաթիւ ներկայութիւնը վերածուի հաւաքական աղօթքի մը առ Աստուած` բարեյաջող աւարտին հասցնելու համար սրբադասման դատը կարդինալին, որուն մարմինը մահէն 62 տարի ետք տակաւին կը մնայ անեղծ ու անխաթար:

Հոգեւոր տէրը եզրափակեց իր քարոզը` մաղթելով, որ Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքը առաւել թափով եւ ուժգնութեամբ շարունակէ իր առաքելութիւնը` գօտեպնդուած իր հիմնադիրին գաղափարներով եւ օրինակով, որ բոլորիս կը թելադրէ միասնականօրէն, համերաշխութեամբ եւ սիրով ըլլալ հարազատ ժառանգները ժողովուրդի մը, որ չվարանեցաւ իր հաւատքին ազատութիւնը գնել արեամբ:

Պատարագի արարողապետն էր Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան, իսկ արարողութեան համակարգողը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Պատարագին ընթացքին ընթերցուածներ ներկայացուցին Մեսրոպեանի ուսուցչուհիներ Վերժին Սաաթճեանն ու Ռուլա Սարգիսը, իսկ դիտաւորութիւններ` վարժարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան երկարամեայ ուսուցչուհի Սալբի Քէշիշեանը եւ երկրորդականի ու նախակրթարանի կրթական պատասխանատուներ Հասնա Ապու Իլիասն ու Սալբի Մուղալեանը: Դիտաւորութիւն մը կարդաց նաեւ Ճեսիքա Պաժին` անունովը Սուրբ Մեսրոպի արիներու սկաուտական խումբին, որուն հիմնադրութեան 85-ամեակը եւս լրացաւ այս տարի: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Արծիւեան եւ Մեսրոպեան վարժարանի «Ծիծեռնակներ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Գեղարուեստական մասով «Ծիծեռնակներ» երգչախումբը նաեւ կատարեց երկու երգ:

Հայրապետական պատարագի աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց պատրիարքին, որ իր ներկայութեամբ առաջնորդեց պատարագը: «Ձերդ ամենապատուութիւն, ձեր անսասան նուիրուածութիւնը հաւատքին, կրթութեան եւ համայնքին` կ՛արտացոլացնեն այն արժէքները, զորս մենք սրբօրէն կը պահպանենք մեր վարժարանին մէջ», ըսաւ ան: «Առանց Աստուծոյ նախախնամութեան եւ առաջնորդութեան, մենք երբեք չէինք կրնար հասնիլ այս նշանակալից փուլին: Մենք կը հաստատենք, որ Անոր շնորհով է, որ մենք կը շարունակենք բարգաւաճիլ իբրեւ դպրոցական համայնք` ձեւաւորելով միտքն ու սրտերը աշակերտներու այն սերունդներուն, որոնք անցած են ու կ՛անցնին մեր դռներով», ըսաւ ան:

Մեսրոպեանի տնօրէնը յարգանքի խօսք ուղղեց վարժարանի հիմնադիր սերունդին, գլխաւորութեամբ Աղաճանեան կարդինալին եւ վարժարանին ծառայած` Արծիւեան միաբանութեան անդամ նախկին տնօրէններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ աջակիցներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարեւոր լուման ունի Մեսրոպեանի յարատեւումին մէջ: «Թող Աստուծոյ օրհնութիւնները շարունակուին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ անոր նուիրական կրթական համայնքին վրայ: Մենք հաստատօրէն կը մնանք Տիրոջ եւ լոյսի ծառայութեան մէջ», եզրափակեց Կ. Գալուստ:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:30-ին սկսած արարողութեամբ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը կատարեց օրհնութեան կարգը Մեսրոպեան վարժարանի մուտքին զետեղուած Աղաճանեան կարդինալի կիսանդրիին, շրջապատուած եկեղեցականներով եւ դպիրներով, մինչ «Ուրախ լեր» շարականը կ՛երգուէր: Փոխասացութեամբ կարդացուեցաւ 148-րդ Սաղմոսը, փառաբանելով զԱստուած ամէն ինչին համար, զոր Ան տուաւ մարդկութեան: Կիսանդրիին վրայէն քողը հեռացուց հոգեւոր տէրը եւ այլ հոգեւորականներ ու պատասխանատուներ: Այս առիթով, հոգեւոր տէրը նաեւ բացումը կատարեց վարժարանի մուտքին զետեղուած տեսա-համակարգչային սարքին, ուր զետեղուած են Մեսրոպեանի 85 տարիներու գործունէութեան վերաբերող եւ աշակերտներու արխիւային լուսանկարներ:

Արարողութեան ընթացքին հակիրճ խօսք մը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան` դիտել տալով, որ սրբաքանդակները մեզի կը փոխանցեն Աստուածաշունչի պատգամները եւ յուշարարներ են մեր մեծ հայրերուն եւ սուրբերուն, որոնց ներշնչումով եկեղեցին կը մնայ պայծառ ու կանգուն:

Կիսանդրիին առջեւ մոմերու զետեղումէն ետք, հոգեւոր տիրոջ առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի` ուղեկցութեամբ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու սկաուտական խումբի անդամներուն, մինչ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կը հնչէր կարդինալ Աղաճանեանի ամենասիրած երգը` «Լեռներ հայրենի»:

Նախորդը

Մարսէյի Հայութիւնը Հանդիսաւորապէս Կատարեց Թեհլիրեան Արդարահատոյցի Կիսանդրիին Բացումը Պոմոնի Մէջ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Այսօր Մեր Հիմնախնդիրը Հայրենիքի Տեսլականը Պահելն Ու Նոր Սերունդին Փոխանցելն Է

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.