Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Գարնանամուտի Նախաճաշ

March 25, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 14 մարտին Տըպպայէի «Մարինա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան` մեծ թիւով ծնողներ, շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ եւ քոլեճի բարեկամներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց տիկնանց յանձնախումբէն Աննա Ճէվահիրճեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին: Ան անդրադարձաւ գարնան զուգադիպող տօներուն եւ յատկապէս Կիներու միջազգային օրուան կարեւորութեան: Ճէվահիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միրնա Կապոնեանին, որ ստանձնեց ձեռնարկին նախագահութիւնը: Ապա ան ներկայացուց յայտագիրին գեղարուեստական բաժինը ստանձնած երգչուհի Աննա Հարպոյեանն ու տի.ճէյ. Յովսէփ Թերզեանը:

Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի, որ, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց մեծաթիւ ներկաներուն: Ան ուրախութեամբ ողջունեց  յատկապէս քոլեճի շրջանաւարտները, որոնք միշտ առիթը չեն ունեցած ներկայ գտնուելու նման ձեռնարկներու, եւ որոնք այս անգամ խանդավառութեամբ ընդառաջեցին ու ներկայ գտնուեցան տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած նախաճաշին: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց տիկիններ Միրնա Կապոնեանին եւ Լիզա Մկրտիչեան-Մանտալեանին. առաջինին` ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնելուն համար, իսկ երկրորդին` յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով ձեռնարկին ներկաներուն գեղեցիկ նուէրներ տրամադրելուն համար: Ապա Բագրատունի ներկաներուն ներկայացուց սննդագէտ Նանի Գալուստեանը, որ օգտաշատ խորհուրդներ տուաւ առողջ սննդականոն որդեգրելու կարեւորութեան մասին:

Ներկաները խանդավառ ժամեր անցուցին Ա. Հարպոյեանի եւ Յ. Թերզեանի մատուցած երգերով ու երաժշտութեամբ: Գեղարուեստական յայտագրին հայկական պարով մասնակցութիւն բերին նաեւ քոլեճէն խումբ մը աշակերտուհիներ:

Ձեռնարկի նախագահ Միրնա Կապոնեան, իր կարգին, խօսք առնելով` ըսաւ, որ կարելի չէր մերժել տիկնանց յանձնախումբին առաջարկը, որ իր սրտին մօտիկ է, որովհետեւ ինքզինք հարազատ մէկ անդամը կը զգայ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի ընտանիքին: Ան աւելցուց, որ իբրեւ ծնողք` հպարտ կը զգայ, որ իր զաւակները այս վարժարանը կը յաճախեն: Ան յաջողութիւն մաղթեց տիկնանց յանձնախումբի բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` յարատեւ վերելք քոլեճին: Կապոնեանի խօսքի աւարտին տիկնանց յանձնախումբը անոր յանձնեց յուշանուէր մը եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:

Ձեռնարկը ընթացաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, եղաւ վիճակահանութիւն, եւ բախտաւորները շահեցան գեղեցիկ ու արժէքաւոր նուէրներ: Խանդավառ մթնոլորտին շնորհիւ` եղան նաեւ նուիրատուութիւններ: Ձեռնարկը քոլեճին ապահովեց 7616 ամերիկեան տոլար:

Նախորդը

«ՀՄԸՄ-ի 13-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Անգամ Մը Եւս Ուխտեց, Այս Պարագային Արցախի Համար, Որ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի Դրօշը, Պեճերը Կրելով` Ժողովուրդին Պիտի Յիշեցնեն, Թէ` Ազատ, Անկախ Եւ Ամբողջական Հայաստանի Երազ Մը Կայ, Որ Պէ՛տք Է Իրականանայ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Յակոբ Խաչերեան

Յաջորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին
Գաղութային

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի Յիշատակին

November 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.