Տեղի Ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Այս Տարուան Շարադրական Մրցանքը
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը: Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքերեան, որ ուրախալի համարեց այն երեւոյթը, որ 21-րդ տարին ըլլալով` հայ աշակերտներ կը հաւաքուին հոս, գրելու, արտայայտուելու արեւմտահայերէնով, փաստելու, որ հաւաքական ջանքով կարելի...




















