Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օրուան Նշում` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

May 22, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Սրբոց  Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի կողմէ Միրէյ Շիրինեան-Հարամանտայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ մայրերու ունեցած կարեւորութեան, հայութեան կեանքին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին: Աւարտին ան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հայ մայրերուն եւ  մեծ մայրերուն, որոնք սիրով եւ իմաստութեամբ կերտած են մեր կեանքը, հաստատելով, որ անոնց տոկունութիւնն ու հաստատակամ կամքը կը լուսաւորեն գալիք սերունդներուն ճամբան:

Նախաճաշի կողքին, սկաուտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց ձեռնարկը:

Օրուան  պատգամախօսն էր նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ իր խօսքին մէջ մատնանշեց մօր անսահման զոհողութիւնները եւ  նուիրական դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ` շեշտելով. «Մայրը մեր կեանքի յուշերուն ճարտարապետն է, լուռ հերոսը մեր ամէնօրեայ յաղթանակներուն եւ պողպատեայ զօրացնող սիւնը: Հայու արժէքի գիտակցութիւնը  ունեցող հայ մօր օրինակը վարակիչ թող դառնայ անոնց, որոնք  տակաւին չեն ըմբռնած հայ ըլլալու, բայց մանաւանդ հայ մնալու բացառիկ արժէքը եւ հարստութիւնը»: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ ապազգայացնող հոսանքին դիմաց հսկայական է հայ մօր դերակատարութիւնը, թուային այս աշխարհին ու ընկերային ցանցերու անհամեմատ տարածման ներկայ ժամանակաշրջանին` Դիմատետր, Ինսթակրամ, Թիք-թոք, որոնք վտանգ կը սպառնան մեր զաւակներուն, մեր մայրերը դէմ յանդիման են նոր մարտահրաւէրի` պաշտպանելու համար իրենց զաւակները եւ պայքարելու այլանդակութիւններու դէմ:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Պատի՛ւ հայ մայրերուն, որոնք գիտեն հայութեամբ հպարտանալ եւ հայու արժէքները փոխանցել իրենց զաւակներուն: Դո՛ւք էք սիւնը հայ ընտանիքին, հաւատքին, եկեղեցիին ու հայրենիքին»:

Աւարտին ներկաները ստացան յիշատակի նուէրներ, ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նուիրաբերումը` Ապագայի Երաշխիք

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.