Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը:
Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքերեան, որ ուրախալի համարեց այն երեւոյթը, որ 21-րդ տարին ըլլալով` հայ աշակերտներ կը հաւաքուին հոս, գրելու, արտայայտուելու արեւմտահայերէնով, փաստելու, որ հաւաքական ջանքով կարելի է պահպանել եւ զարգացնել լեզուն: Ան շեշտեց, որ առանց լեզուի` մենք կը դառնանք որբ եւ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը, աւելցնելով, որ լեզուն, մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը սրբութիւններ են, որոնք այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունին պաշտպանութեան, եւ յորդորեց աշակերտները` գրելու, կարդալու, խօսելու եւ ստեղծագործելու հայերէնով, որովհետեւ անիկա է իրենց մայրենին եւ իրենց պատկանելիութեան խորհրդանիշը:
Շարունակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ այս շարադրական մրցանքը նաեւ առիթ կը դառնայ վերանորոգելու իրենց ուխտը հայրենիքի հանդէպ` տիպար օրինակ ունենալով Մհերը, որ ուղղուեցաւ Արցախ եւ նուիրեց ամէնէն թանկագինը` իր կեանքը, եւ որուն յիշատակին նուիրուած է այս շարադրական մրցանքը: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը:
«Պէտք է գործենք Մհերի յիշատակով, պայքարինք անոր շունչով, սիրենք մայրենին, արժեւորենք բոլոր այն սրբութիւնները, զորս ժառանգած ենք, եւ նաեւ շարունակենք անոր կիսաւարտ պայքարը», եզրափակեց Նարէ Գալեմքերեան:
Ապա Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց շարադրական մրցանքին օրէնքները եւ կարգը:
Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ. Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Մրցանքին տեւողութիւնը մէկ ժամ էր նախակրթարանին, իսկ երկու ժամ` մնացեալ կարգերուն: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր երեք նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Նշենք, որ մրցանքի աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան թեմի Ուսումնական խորհուրդի հրատարակած «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքէն օրինակ մը: Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով, եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ: