«Ազդակ»-ի 67-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 23 մայիս 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:00-ին: Լսարանի նիւթն էր` «Սփիւռքի քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորման հրամայականը», իսկ դասախօսն էր սփիւռքահայ կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը խորագիրին ձեւակերպումին իւրաքանչիւր բառին վրայ կեդրոնանալով` զանոնք վերլուծեց սփիւռքեան այսօրուան իրականութեան խորապատկերին վրայ:
Ան խօսեցաւ` դէպի հայրենիք սփիւռքեան մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու յաճախական ալիքաւորումներուն, ինքնաճանաչողութեան չկայանալուն, կրթական գերակայ խնդիրներուն, հաղորդակցութեան ցանցային ներկայ արհեստագիտութեան նկատմամբ սփիւռքեան կառոյցներու պահպանողականութեան եւ նոր համակարգերու ոչ լիարժէք որդեգրման, հայրենիքէն իրերայաջորդ իշխանութիններուն սփիւռքին նկատմամբ որդեգրած շրջանցումային քաղաքականութեան, լեզուական-ուղղագրական, մշակութային երեւոյթներունեւ քաղաքական գործօնի վերածման համար համեմատական սփիւռքագիտութեան մասին:
Դասախօսութեան յաջորդեց քննարկում` մասնակցութեամբ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին (Արժանթին), Մուրատ Մանուկեանին (Պոսթըն), Վաչէ Գալուստեանին (Ֆիլատելֆիա) «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի ուսանողներէն մէկը, որ հաստատեց, թէ կեդրոնին մէջ կը դասաւանդուին արեւմտահայ գրողներու գործերը եւ բազմաթիւ ուսանողներ իրենց աւարտաճառերը կ՛ընտրեն արեւմտահայ գրականութենէն, գրառումներու միջոցով` Գէորգ Քէշիշեանին եւ Անդրանիկ Գասպարեանին (Միացեալ Նահանգներ):
Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ լսարան»-ի եութուպեան ալիքին վրայ: https://www.youtube.com/watch?v=Pcw_sSaDkCk