Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Անի Պէզիքեանի Յիշատակին Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Համերգ

Մայիս 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի եւ աշակերտ Քէյվըն Եուսուֆի:

Համերգի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ Պէզիքեան ընտանիքին ունեցած կարեւոր աւանդին` հայաստանեան, սփիւռքեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Ան աւելցուց. «1988-ի երկրաշարժի որբերէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով տուժած ընտանիքներ, մինչեւ Լիբանանի ընկերային ճգնաժամով յառաջացած կարիքաւորներ, աջակցութիւններու հսկայական ծաւալները ամոքեցին տարբեր հանգամանքներու մէջ աղքատութեան, կարիքաւորութեան եւ դժուար պայմաններու մէջ յայտնուածները»:

Գանտահարեան ըսաւ, որ մարդասիրական բնոյթի այս աջակցութիւններուն առընթեր, պէտք է յիշել անպայման` Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի վերանորոգութիւնը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան շրջափակի եւ հրապարակի կառուցումն ու Ցեղասպանութեան յուշարձանի վերանորոգումը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սարդարապատի յուշակոթողի կանգնեցումը, դպրեվանքի հիմնադրամին հաստատումը,  Հայաստանի մէջ «Անի Պէզիքեան կեդրոն»-ի հիմնադրութիւնն ու Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» հաստատութեան հետեւողական աջակցութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շինութիւնը:

«Մարդասիրական, հոգեւոր, ազգային, հայ մամուլին եւ մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն տրամադրուող օժանդակութիւններու համակարգումին եւ նախաձեռնութիւններուն մղիչ ուժը հանդիսացաւ Անի Պէզիքեան, որուն յիշատակին նուիրուած այս համերգով լիբանանահայութիւնը կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը», ընդգծեց Շահան Գանտահարեան:

Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբը մեկնաբանեց Մակար Եկմալեանի «Հայր մեր»-ը եւ «Սուրբ սուրբ»-ը, Սահարունիի  «Ջանս մռմուր»-ը, Կոմիտասի «Չինար եարիս»-ը եւ «Սիրուն ջան»-ը , Բարսեղ Կանաչեանի «Անուշ հովիկ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Զարթի՛ր, որդեակ»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի «Լուսին չկար»-ը, Էդկար Յովհաննիսեանի «Երեւան Էրեբունի»-ն եւ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Կիլիկիա»-ն:

Երգչախումբի անդամներէն սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան իր կարգին մեկնաբանեց Արա Պարթեւեանի «Մայր եւ կոյս»-ը, Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի «Ծով աչեր»-ը, Շարլ Ազնաւուրի «Աւէ Մարիա»-ն եւ Պարոյր Սեւակի ու Զաքարեանի «Մօր ձեռքերը»:

Համերգի աւարտին սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ալեքքօ Պէզիքեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը արտակարգ բան մըն է եւ սովորական աւանդութիւն մը չէ, աւելցնելով, որ իր եւ իր ընտանիքին ցանկութիւնն էր Անի Պէզիքեանի սիրած բաները ընել եւ իր փափաքները կամաց-կամաց իրականացնել, նոյնիսկ` իր բացակայութեան: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի եւ անոր ընդմէջէն առաջնորդ սրբազան հօր` գնահատելով անոր գործակցութիւնը, յարգանքը եւ յիշողութիւնը այն բոլոր առաքելութիւններուն, որ Անի Պէզիքեան կատարած է: «Միայն մէկ բան հպարտութեամբ կ՛ըսեմ, որ 17 տարի Սպիտակի 350 որբերուն դրամահաւաք կազմակերպելու միտումով, ամէն տարի Անին առանձինն ճաշկերոյթ կը պատրաստէր Օդային սպաներու սրահին մէջ, որուն ներկայ կ՛ըլլային 200-250 հրաւիրեալներ», հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան` աւելցնելով, որ այս բոլոր գործերը ան միշտ լռելեայն ըրած է, եւ ինք միշտ աջակցած է, որպէսզի հանգուցեալը կարենայ իր փափաքները իրականացնել:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Անի Պէզիքեանի յիշատակին նուիրուած այս համերգը երգի ճամբով նախ առիթ է մեր կորուստը սգալու, երկրորդ` մեր գոհութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելու Աստուծոյ` Անի Պէզիքեանի կեանքին համար, ինչպէս նաեւ` վաղուան մեր կեանքին համար ներուժ քաղելու: Սրբազանը հաստատեց, որ Պէզիքեան ընտանիքի անդամները իրենց ընտանեկան կարեւորագոյն պահերը ապրեցան լիբանանահայութեան համար. յոբելեաններ, տարեդարձներ, ընտանեկան այլ առիթներ բոլորը հեռաւոր Իտալիայէն, այնուհետեւ Զուիցերիայէն հաւաքուեցան Լիբանան` իրենց ուրախութիւնը կիսելու համար լիբանանահայութեան հետ: Սրբազանը ըսաւ, որ Պէզիքեան ընտանիքը կ՛ուզէր, որ լիբանանահայ կեանքը յարատեւէ, եւ գիտէին, որ պարտականութիւն ունէին այդ կէտին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մենք կը սպասէինք, որ Անի Պէզիքեան կրկին մեր մէջ յայտնուի, որպէսզի մենք` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն «շնորհակալութիւն» ըսէինք եւ մեր սրտի անկեղծ զգացումները յայտնէինք իրեն եւ իր հարազատներուն, սակայն Աստուած տարբեր ձեւով տնօրինեց եւ իր յիշատակին շուրջ մեզ համախմբեց այսօր, որպէսզի լիբանանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնենք Պէզիքեան ընտանիքին` զօրակցութեան, աջակցութեան եւ սրտակցութեան համար:

Ազգային Բարերար Անի Պէզիքեանի Մահուան Քառասունքին
Առիթով Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 19 մայիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ ս. պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի մահուան քառասունքին առիթով: Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալին ամուսինը` Ալեքքոն, եւ զաւակները` Արամն ու Զարեհը, Իտալիայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ հանգուցեալի հոգւոյն յիշատակին տեղի ունեցաւ հոգեճաշ` ներկայութեամբ վեհափառ հայրապետին: Հոն կարդացուեցաւ կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը` Անի Պէզիքեանի մասին:

Նախորդը

Զուգահեռներ Եւ Տարբերութիւններ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Սան Եմ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?