Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Եի Մասնակցութեամբ 277 Պարողներու. «Քնար» Պարախումբի Ու «Գայեանէ» Պարի Եւ Պալէի Դպրոցներու Իւրայատուկ Եւ Ոգեւորիչ Ելոյթները

Մայիս 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

17, 18 եւ 19 մայիսը արուեստով յատկապէս պարով յագեցած օրեր էին: Արդարեւ, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը լիբանանահայութեան հրամցուց տարեշրջանի արգասիքը «Գայեանէ» դպրոցին ու «Քնար» պարախումբին, որոնց գեղարուեստական ղեկավարներն են հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանն ու Կարէն Մակինեանը:

Հովանաւորութեամբ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին եւ կազմակերպութեամբ «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 18 մայիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի «Պարը կեանք է» խորագիրը կրող ելոյթը ներկայութեամբ հոգեւոր պետերուն, կուսակցութիւններու, կրթական ու մշակութային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ մարմիններու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հանրութեան:

Մէկուկէս ժամուան ընթացքին 57 անդամներէ բաղկացած «Քնար» պարախումբը ներկայացուց 18 պար` արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:

«Քնար»-ը պարեց «Արցախ», «Վարդագոյն աղջիկներ», «Սուրերով պար», «Էրզրումի շորոր», «Ծաղկեփունջ», «Ճազ», «Տարօրինակ մարդ արարած» եւ «Թանկօ»: Երկրորդ արարով «Քնար»-ը ներկայացուց սպանական, ռուսական, գնչուական, յունական, արեւելեան եւ կովկասեան պարեր: Ելոյթը փակուեցաւ «Քոչարի»-ի ներկայացումով:

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 19 մայիս 2024-ին նոյն վայրին մէջ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցները տուին իրենց տարեկան ելոյթը` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին:

220 աշակերտները ելոյթին ընթացքին ստեղծեցին խանդավառութիւն, ուրախութեան եւ յուզումի պահեր` ներկայացնելով աշակերտներուն բեմական կատարողութիւնը եւ ազգային մշակոյթն ու պարարուեստը:

Առաջին արարով «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցները ներկայացուցին «Արցախի գոյներ» «Ազգագրական պար», «Զատիկ», «Քոչարի», Արցախ», «Կարսի երկինքը», «Վասպուրական», «Սասնայ պար» եւ պալէ: «Քնար» պարախումբը ներկայացուց «Վարդագոյն աղջիկներ» եւ «Սուրերով պար»: Կարճ դադարէ ետք երկրորդ արարով «Գայեանէ»-ն պարեց «Ժամանակակից պար», «Վրացական պար», «Ժամ պար», «Իշխանաց պար», «Յունական պար», «Սլաւոնական պար», «Սպանական պար»: «Քնար»-ը` «Արեւելեան պար» եւ «Հնդկական պար»: Աւարտին բոլոր պարողներուն մասնակցութեամբ ներկայացուեցաւ եզրափակիչ տպաւորիչ հայկական պարը:

Ասոնց կողքին, ուրբաթ, 17 մայիս 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի «Պարը կեանք է» թեման կրող աշակերտական անվճար ելոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ եւ աւելի քան 1000 աշակերտներ, որոնք ուրախութեան եւ գոհունակութեան պահեր ապրեցան «Քնար»-ականներուն պարերուն ընդմէջէն:

Այս առիթով ելոյթներուն ընթացքին ներկաներուն բաժնուած գրքոյկներուն մէջ կազմակերպիչները կը յղեն իրենց պատգամը, զոր ամբողջութեամբ կը հրատարակենք:

Իրապէ՛ս Պարը Կեանք Է

Ազգովին այսօր կ՛ապրինք ճգնաժամային պահեր: Այս տագնապալի օրերուն մէջ հայ ժողովուրդը գոյութենական պայքարի մէջ է` պահպանելու արմատները, մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, տէր կանգնելու հայրենիքին եւ անվտանգ պահելու սահմանները:

Ապրելու եւ ստեղծագործելու համար հարկ է ունենալ կենսունակութիւն, որ կ՛ամրապնդուի հոգեմտաւոր կազմաւորումով, որուն մէջ մեծ բաժին ունի մշակոյթը, յատկապէս` պարարուեստը:

Պարը հասարակութեան նկարագիրի արտայայտութիւնն է, ազգագրական պարը մեր ազգային մտածողութեան, զգացումներուն եւ ապրումներուն բեմն է, եւ այսօր ազգովին աւելի քան երբեք, կարիքն ունինք ապրելու կամքին: Այս մեկնակէտով է, որ ճշդուած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբի «Պարը կեանք է» ընդհանուր թեման, ա՛յն յոյսով, որ պարով եւս ե՛ւ կը նորոգենք մեր ուխտը, ե՛ւ կը վերադառնանք մեր արմատներուն ե՛ւ կը պահպանենք մեր ժառանգութիւնը:

Այս առիթով, այսօր «Քնար» պարախումբի 57 անդամները պիտի ներկայացնեն 18 պար: Պարախումբի գեղարուեստի ղեկավարներն են հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեան եւ Կարէն Մակինեան:

Յատուկ շնորհակալութիւն` պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, որ ստանձնեց այս ելոյթին նախագահութիւնը: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց որոնք մասնակից դարձան նշեալ ծրագիրի յաջողութեան:

Իրապէ՛ս պարը կեանք է: Մի՛շտ պարենք եւ վայելենք պարարուեստը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑԱԾ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պարով Պահպանենք
Մեր Առաքելութիւնը

Պարել գիտցող հաւաքականութիւնը չի պարտուիր, որովհետեւ պարը շարժուձեւերէն անդին` ապրում եւ հաւաքական արտայայտութեան դրսեւորում է: Այս շրջագիծին մէջ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցները իրենց բոլոր կարելիութիւններով ճիգ չեն խնայեր պարարուեստին ընդմէջէն մասնակից դառնալու սերունդներու ազգային նկարագիրի եւ էութեան կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ:

220 անդամներէ բաղկացած եւ տարբեր տարիքային խումբեր ունեցող «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներու այս ելոյթը,  համապատասխան խանդավառութիւն եւ մթնոլորտ ստեղծելու կողքին, կը միտի առիթ հանդիսանալ բեմական փորձառութեան ձեռքբերման: Վերջապէս, այս ելոյթը նաեւ անցնող տարեշրջանի գործունէութեան հաշուետուութեան առիթ է:

Իսկ նշեալ ելոյթին Համազգայինի «Քնար» պարախումբին խորհրդանշական մասնակցութիւնը սերնդափոխութեան նպաստող քայլ մըն է, որովհետեւ «Գայեանէ»-ն նաեւ «Քնար»-ին մարդուժ հայթայթող կեդրոն է:

Վա՛րձքը կատար գեղարուեստական ղեկավարներուն` հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանին եւ Կարէն Մակինեանին, որոնք առաւելագոյն բծախնդրութեամբ կատարեցին իրենց առաքելութիւնը: Վա՛րձքը կատար կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից դարձած բոլոր կամաւորներուն եւ յատկապէս ծնողներուն:

Գէորգ Էմինի «Չի յաղթի ոչինչ այն հին ժողովուրդին, որ այս ջանքով ու այս կամքով պարել գիտի» հաստատումը այսօր, աւելի քան երբեք, այժմէական է: Ազգովի պարով պիտի հաստատենք, որ յանձնուող հաւաքականութիւն չենք, այլ պայքարող ենք ու ազգային-հոգեւոր-մշակութային արժէքները պահպանող սերունդներ պատրաստելու վեհ առաքելութիւնը ունինք:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Յաջորդը

Վիգէնը Դարձաւ Զրահ` ԼԵՄ-ի Պայքարին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?