Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 8 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպման առանցքը Հայաստանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին:

«Արցախ-Հայաստան» Զարգացման Մրցում Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

«Արցախ-Հայաստան» Զարգացման Մրցում Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Հայեցի դաստիարակութիւնը հայկական վարժարաններու սիրտն է, իսկ ազգային ինքնութեան պահպանում ու գոյատեւում ապահովելը` անոր վեհ առաքելութիւնը: Հայրենասիրութեան եւ տաղանդի աշխուժ դրսեւորմամբ, երեքշաբթի, 14 մայիս 2024-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 6-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան «Արցախ-Հայաստան» զարգացման մրցումին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յաջորդական երեք տարիներէ ի վեր հայկական ձեռնարկներու աւանդութիւն դարձած զոյգ...

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Առողջապահական Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Առողջապահական Դասախօսութիւն

ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կազմակերպած մայիս  ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով «Auto immune disease»: Լիբանանի, Հայաստանի, ԼՕԽ-ի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, որ մայիս 20, ինքնամարմնային եւ ինքնաբորբոքային յօդացաւի (Auto...

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ի Վկայագիրներու Բաշխման Հանդիսութիւն

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ի Վկայագիրներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեանի, երկուշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ի մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը, որ իրականացած...

Շուշիի Ազատագրութեան 32-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Շուշիի Ազատագրութեան 32-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ռաուտայի «Շուշի» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակի տօնակատարութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր ժամանակներու բոլոր նահատակներուն: Ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կիրօ Գարակէօզեան, որ նշեց, թէ երեսուն տարի ազատութիւն եւ անկախութիւն շնչած մեր Շուշին...

«Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «Հայրս Ո՞վ Է» Զաւեշտախաղը

«Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «Հայրս Ո՞վ Է» Զաւեշտախաղը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը 10 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հայրս ո՞վ է» զաւեշտախաղը: Ծանօթ բեմագիր Ռէյ Գունիի հեղինակած «Իթ ռանզ ին տը ֆամիլի» թատերախաղին վրայ հիմնուած եւ մեծանուն Գրիգոր Սաթամեանի թարգմանած «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութեան Վաչէ Տօներեանի բեմադրութիւնը այժմէական արտացոլումն է անհաւատարմութեան ընկերային ախտին` զուտ կատակերգական ոճով, ուր կերպարներուն միջեւ յառաջացած ինքնութիւններու շփոթը, չափազանցութիւններն ու իրերայաջորդ սուտերը...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 106-Ամեակը` «Ահա՛ Զանգը Տաւուշէն» Խորագիրով

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 106-Ամեակը` «Ահա՛ Զանգը Տաւուշէն» Խորագիրով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն` «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագիրով: Քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, որ անդրադարձաւ 28 մայիսի անկախութեան նախորդող ժամանակաշրջանին ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ տիրող դժնդակ պայմաններուն, քաղաքական կացութիւններուն եւ նշեց,...

Դպրեվանեցի 9 Սաներ Կը Միանան Հայ Եկեղեցւոյ Դպիրներու Ու Կիսասարկաւագներու Շարքերուն

Դպրեվանեցի 9 Սաներ Կը Միանան Հայ Եկեղեցւոյ Դպիրներու Ու Կիսասարկաւագներու Շարքերուն

Կիրակի, 2 յունիս 2024-ին Հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի տեսչական կազմէն Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Յընթացս ս. պատարագին, Հայ...

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի.  «Ճիշդ Հնչենք» Մրցում-Յայտագիրի Տասներորդ Տարեշրջանի Աւարտական Մրցում Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի. «Ճիշդ Հնչենք» Մրցում-Յայտագիրի Տասներորդ Տարեշրջանի Աւարտական Մրցում Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Հինգշաբթի, 30 մայիս 2024-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրին տասներորդ տարեշրջանի աւարտական մրցումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մրցում-յայտագիրի հովանաւոր Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանի, աւարտական փուլ հասած լիբանանահայ վարժարաններու, «Թռչնոց բոյն»-ի եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէններուն, ծնողներու, «Վանայ Ձայն»-ի բարեկամներու եւ անձնակազմի անդամներուն:...

Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Առաջնորդի Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը

Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Առաջնորդի Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը

Կիրակի, 26 մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զմմառի մէջ Վարդարանի աղօթքով,  սկաուտներէ, երիտասարդական միութեան անդամներէ եւ հաւատացեալ հօտէ բաղկացած թափօրը ուղղուեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուր տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Պէյրութի թեմի օգնական առաջնորդի` Գրիգոր վրդ. Պատիշահի: Նախագահութեամբ Հայ  կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, կատարուեցաւ ձեռնադրութիւնը` ձեռնադրակից ունենալով Գէորգ արք. Խազումեանը եւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը, Բերիոյ կաթողիկէ հայոց թեմի...

Հաղորդագրութիւն.  Ընթացք Առաւ Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրը

Հաղորդագրութիւն. Ընթացք Առաւ Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրը

Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անհրաժեշտ է ունենալ պատրաստուած ուսանողներ, երիտասարդներ եւ վարիչներ, որոնք իրենց գիտելիքներով եւ ձեռք բերած փորձառութիւններով պիտի ծառայեն հաւաքականութեան: Նոր որակ ունենալու, ղեկավարման ու կազմակերպման հմտութիւններու տէր դառնալու եւ նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ու ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը քննեցին կարելիութիւնները եւ մշակեցին ծրագիր...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Արհեստական Բանականութեան

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Արհեստական Բանականութեան

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլին մասնակիցները ծանօթացան արհեստական բանականութեան (AI) եւ անոր գործածութեան` լրագրութեան մարզին մէջ: Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայկազեան համալսարանի IT բաժանմունքի պատասխանատու եւ համակարգչային գիտութիւններու դասախօս Շանթ Ստեփան խօսեցաւ արհեստական բանականութեան մասին: Ան ներկայացուց արհեստական բանականութիւնը`...

Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

Մայիսեան Անկախութեան Հանդիսաւոր Նշում` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտայի Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի եւ շեփորախումբի տողանցքէն եւ դրօշակի արարողութենէն ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները, որոնց յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում յուշակոթողին դիմաց: ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին անունով հայերէնով բացման խօսքը...

Մշակութային Օր Եւ Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

Մշակութային Օր Եւ Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

Հինգշաբթի, 16 մայիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան «Կիներու հզօրացման ծրագիր»-ի խոհարարական դասընթացքի մասնակցող 84 կիները վկայագիրներ ստացան: «Մշակութային օր եւ վկայականաց բաշխման հանդէս» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր` ներկայութեամբ թեմի երեք հոգեւոր պետերուն` Շահէ արք. Փանոսեանի, Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի եւ վերապատուելի Րաֆֆի Մըսրլեանի, CNEWA Pontifical Mission կազմակերպութեան տարածաշրջանի տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթինի եւ Մարլեն Քոնսթանթինի, ինչպէս նաեւ` «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ...

«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային Արժէք Ունեցող Իրերով

«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային Արժէք Ունեցող Իրերով

«Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին նուիրեց երկար տարիներու ընթացքին իր հաւաքած մետաղեայ հնագոյն դրամներու հաւաքածոն։ Հռոմէական, Տիգրան Մեծի, Կիլիկիոյ, ցարական Ռուսիոյ, Սէյմի, Հայաստանի  առաջին Հանրապետութեան, համայնավար յեղափոխութեան, յետխորհրդային Ռուսիոյ ժամանակաշրջաններէն հաւաքուած դրամներու եզակի նմոյշները յանձնուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան։ Դրամներու այս թանկարժէք հաւաքածոյին կ՛ընկերանայ  նաեւ  մոլորակի բոլոր ցամաքամասերու  երկիրներէն դրոշմաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյ մը։ Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին յանձնեց նաեւ հայաստանեան հանքային արժէքաւոր...

Հայաստանի Անկախութեան 106-Ամեակին Նուիրուած Մայիսեան Տօնակատարութիւն

Հայաստանի Անկախութեան 106-Ամեակին Նուիրուած Մայիսեան Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Այնճարը նշեց մայիսեան անկախութիւնը, որ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն առաջնորդութեամբ տողանցքով. անոնք շրջեցան գիւղին մէջ` ընկերակցութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Այնճարի նախկին խմբապետներուն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն, պատկան մարմիններուն եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: Ապա բոլորը ուղղուեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ մայիսեան...

Մայիսեան Անկախութեան 106-րդ Տարեդարձին Առիթով.  Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Դրօշի Օրհնութիւն

Մայիսեան Անկախութեան 106-րդ Տարեդարձին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Դրօշի Օրհնութիւն

Մայիսեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 26 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս ս. պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որ մատուցեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք...

Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ ջրօրհնէք: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի դիմենք Աստուծոյ,  խնդրելով, որ մեր սուրբերուն օրինակը առատացնէ մեր կեանքէն ներս,...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի միջեւ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Լիբանանի հետ կապուած շարք մը հարցեր` մասնաւորաբար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն, ընկերային-տնտեսական տագնապի յաղթահարում եւ ընդհանուր բարեկարգում: Այս հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը յայտնեց իր պատկերացումը: Նոր նշանակուած դեսպանին առաջին այցելութիւնը...

Տեղի Ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Այս Տարուան Շարադրական Մրցանքը

Տեղի Ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Այս Տարուան Շարադրական Մրցանքը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը: Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքերեան, որ ուրախալի համարեց այն երեւոյթը, որ 21-րդ տարին ըլլալով` հայ աշակերտներ կը հաւաքուին հոս, գրելու, արտայայտուելու արեւմտահայերէնով, փաստելու, որ հաւաքական ջանքով կարելի...

Page 62 of 364 1 … 61 62 63 … 364

Արխիւներ