Նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը փառաւոր հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը, 9 մայիս 2024-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան, ապա ցուցադրուեցաւ կարճ վաւերագրական տեսանիւթ մը (հեղինակ` Վարդան Թաշճեան, վիտէօ-պատրաստութիւն` Սիմոն Հալլաճեան), որ հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան, անցած ճամբուն եւ վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն:
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչներէն Էտիպ Ժեմայէլ:
Հանդիսութեան բանախօսն էր Մեսրոպեանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հրաւէրով յատկապէս այս հանդիսութեան համար Պոլիսէն եկած էր Պէյրութ:
Հայր Գազանճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպեանի անցած ուղին գիտականօրէն արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը` որպէս առաւել կայուն յառաջընթացի կարեւոր պայման: Ան վերլուծեց վարժարանի նկարագիրը` իբրեւ լիբանանեան, հայկական, սփիւռքեան եւ կաթողիկէ հաստատութիւն, եւ ապա ներկայացուց շարք մը առաջարկներ` դպրոցի կազմակերպական դրութեան ամրապնդման եւ կրթական ծրագիրներու հարստացման վերաբերեալ- շեշտելով, որ հայ դպրոցը ինքն իր մէջ նպատակ չէ, այլ պատասխան է հայուն ներկայ պահանջներուն:
Այս առիթով իր խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ` մեծարելով վարժարանի հիմնադիրներուն եւ նախկին պատասխանատուներուն ներդրումը 85-ամեայ վարժարանի կայացման մէջ, վերահաստատելով անոնց աւանդին ու հաւատամքին հաւատարիմ մնալու եւ Լիբանանի հայ սերունդներուն լաւագոյն կրթութիւնը մատուցելու խոստումին:
Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ վարչական անձնակազմի անդամներուն` Կ. Գալուստ ըսաւ. «Եկէք` անգամ մը եւս հաստատենք մեր յանձնառութիւնը այն վեհ գործին, որուն համար հիմնադրուեցաւ Մեսրոպեանը: Եկէք` յարգենք մեր նախնիներուն զոհողութիւնները` հիմնուելով անոնց ժառանգութեան վրայ եւ ձգտելով նուաճումներու ա՛լ աւելի մեծ բարձունքներու: Եկէք` միասին եւ նոր աւիւնով շարունակենք յառաջընթացի այս ճամբորդութիւնը` առաջնորդուելով մարդկային, հոգեւոր եւ ազգային մեր անխախտ սկզբունքներով»:
1982 թուականի Մեսրոպեանի աւարտական եւ 1986-ի Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբի խմբապետ Մեսրոպ Քենտիրճեան ներկայացուց վկայութիւն մը` վերապրելով իր յուշերն ու տպաւորութիւնները աշակերտական եւ սկաուտական անցեալէն: «Յարգա՜նք` անցեալի ու ներկայի բազմավաստակ մշակներուն, որոնք կեա՛նք տուին ու կը շարունակեն իրենց կեանքը տալ, կեանքին համար այս օրհնեալ ու օրհնաբեր հայադրոշմ եւ հայաշէն զոյգ հաստատութիւններուն` Մեսրոպեան վարժարանին եւ Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբին», եզրափակեց Քենտիրճեան:
Հանդիսութեան հրապարակուեցաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին օրհնութեան գիրը, զոր կարդաց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեան:
Օրհնութեան գիրին մէջ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Մեր հայրական գորովը եւ խնամքն այսուհետեւ ալ պիտի չպակսին Մեր սրտին մօտ այս ներկայաշէն եւ ապագայակերտ կրթամշակութային կառոյցէն, ինչպէս նաեւ կը վստահեցնենք Մեր աղօթքը` Մեր վարժարանին աննահանջ գոյերթին ի խնդիր: Արդ, հայրական սիրով ու խանդաղատանքով Մեր հայրապետական օրհնութիւնը կը բաշխենք տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, պաշտօնէութեան եւ տօնական հանդիսականերուն»:
Արժեւորումը կատարելէ ետք վարժարանի հիմնադիր հայրերու տեսլականին, պատրիարքը յորդորեց ուսուցիչները` փայփայելու իրենց աշակերտները եւ անձնուիրաբար կատարելու իրենց պաշտօնը` օրինակ ունենալով մեր Աստուածային Վարդապետը` Յիսուս Քրիստոսը, եւ զանոնք դաստիարակել առաքելաջան սիրով ու բարի օրինակով: Հոգեւոր տէրը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ. «Հետեւեցէ՛ք ձեր ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն, ինչպէս ալ միշտ ականջալուր եւ ուշիմ եղէ՛ք, որովհետեւ անոնց ու մեր դիտաւորութիւնը միայն ձեր օգտին եւ մեր ազգին բարօրութեան համար է»:
Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը պարգեւատրեց 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող անձնակազմի 19 անդամներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբի նախկին աւագ խմբապետ Ժագլին Ապունայեանը` իր երկարամեայ ծառայութեան համար: Այս առիթով հոգեւոր տէրը մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի անձնակազմին նուիրուած աշխատանքն ու զոհողութիւնները, յատկապէս` վերջին հինգ տարիներուն, որոնք յատկանշուեցան Լիբանանի մէջ աննախադէպ ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններով:
Այս առիթով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը շնորհեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին` մեծագոյն գնահատանք եւ երախտագիտութիւն յայտնելով անոր Մեսրոպեանի առաքելութիւնը ձեռնհասութեամբ շարունակելուն եւ վարժարանի կրթական յառաջընթացը ղեկավարելուն համար 2001 թուականէն ի վեր:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի նորակազմ «Բամբիռ» աշակերտական նուագախումբը` խմբավարութեամբ Վիգէն Չալեանի եւ պարի ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Վանայ Սէֆէրեանի: Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց «Մեսրոպեան երգ»-ը ( խօսքը` Վարդան Թաշճեանի, երաժշտութիւնը եւ գործիքաւորումը` Սեդօ Պաղտասարեանի), խմբավարութեամբ Քլարա Ադամեանի: Երգի մենակատարներն էին Մեսրոպեանի աշակերտներ Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեանը եւ Մարիա Ճեսիքա Խաշոլեանը: Երգին ընթացքին ասմունքեցին աշակերտուհի Մէյրի Էքմեքճեանը եւ խմբավարուհի տիկին Ադամեան: Մեսրոպեանի շրջանաւարտներ Նանօր Առնէլեան (դաշնամուր) եւ Կասիա Լեւոնեան (սրինգ) կատարեցին Wilhelm Popp-ի Russian Rhapsody եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկներ» ստեղծագործութիւնները: Մեսրոպեանի «Շուշի» պարախումբը ներկայացուց « Նոր Հայաստան » պարը, (պարուսոյց` Աւօ Գարաքէշիշեան):
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հոգեւոր տիրոջ «Պահպանիչ»-ով:





