Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմարանի Եւ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Միացեալ Եւ Ոգեւորիչ Տօնակատարութիւն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-Ամեակին Նուիրուած

Մայիս 30, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, երկուշաբթի, 27 մայիս 2024-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետներուն, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու:

Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեցին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներ Սելին Գիլէճեան եւ Շուշի Գասապեան, որոնք նկատել տուին, թէ 28 մայիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ փառապանծ տօներէն մէկն է, եւ այդ անկախութիւնը իրականացաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի պայքարելու աննկուն կամքին` աւելցնելով, որ այս թուականը մեզ թող ներշնչէ, որպէսզի ունենանք յարատեւ պայքարի ոգի` Հայ դատը եւ մշակոյթը պահպանելու համար:

Այնուհետեւ Ճեմարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան խմբերգով` «Զինուոր եմ ես փոքրիկ», որմէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին խմբային ասմունք մը` համադրում («Խաչ եւ Սուր» Արամայիս Սահակեան, «Կարմիր կապոյտ նարնջագոյն» Ժագ Ս. Յակոբեան, «Հայ Դրօշին» Անդրանիկ Ծառուկեան), ապա Ճեմարանի պարախումբը ներկայացուց նազ պար մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Արազ Գոճայեան: Ան ըսաւ, որ կը գտնուինք հայոց արդի պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային փուլերէն մէկուն մէջ` նկատել տալով, որ տակաւին մատղաշ մեր ուղեղները շատ բան չեն հասկնար պատահածէն եւ թերեւս կը շուարինք, որ մեր սորված յաղթական, ազատատենչ եւ պահանջատէր հայ ժողովուրդը ներկայիս բաժնուած է տարբեր խումբերու: Խումբ մը, որ խնդիր չունի Հայաստանի տարածքին փոքրանալուն հետ եւ ուրիշ խումբ մը, որ չ՛ընդունիր այդ մէկը ու պատրաստ է եթէ կարիք ըլլայ արիւն թափելու, սակայն հող չյանձնելու: Գոճայեան դիտել տուաւ, որ այս փուլին մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն կարելի է դուրս ելլել յաղթական, սակայն պէտք ունինք հայ հերոսներուն, որպէսզի մեզի օգնեն: Պէտք ունինք մենք մեր հերոսները վերակոչելու, կեանքի բերելու, իսկ այդ մէկը ընելու համար, նախ պէտք է ճանչնանք զանոնք, գիտնանք անոնց ինքնութիւնն ու գործը, եւ ատիկա կրնանք ընել, երբ գիտենք մեր պատմութիւնը եւ կրնանք մեր հերոսները պատմութենէն դուրս հանել, հոս բերել, սորվիլ անոնց քաջութենէն, ներշնչուիլ անոնց աննկուն կամքէն եւ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կը կերտուին յաղթանակները:

Անդրադառնալով 28 մայիսի յաղթանակներուն` Արազ Գոճայեան պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակահատուածին եւ այն երեք ճակատամարտերուն, որոնց շնորհիւ մենք ունեցանք մեր Հանրապետութիւնը: Ան թուեց անունները այն բոլոր հերոսներուն, որոնց շնորհիւ կրցանք կերտել մեր անկախութիւնը: «Պատմութիւնը սորվեցուց, որ հերոսները միշտ չէ, որ կը տեսնեն յաղթանակը: Կարգ մը հերոսներ կը պատրաստեն հողը, որպէսզի եկող սերունդը շարունակէ պայքարը ու հերոսանայ` յաղթանակով: Մայիս 28-ի հերոսներուն նախորդեցին այլ հերոսներ, որոնք չտեսան 28 Մայիս 1918-ն, բայց պատրաստեցին անկախութիւն կերտած սերունդը», հաստատեց պատգամաբերը` աւելցնելով, որ հերոսանալու համար պայման չէ նահատակուիլ, բայց պայման է ազատատենչ եւ վճռակամ ըլլալ, նաեւ` թշնամիին չյանձնուիլ:

Շարունակելով իր խօսքը` Գոճայեան հարց տուաւ աշակերտներուն, թէ ինչպիսի՞ հերոսներ կ՛ուզեն ըլլալ, ինչպէ՞ս կրնան պայքարիլ Հայաստանի անկախութեան համար, երբ տակաւին փոքր են պատերազմի դաշտ երթալու, եւ բացատրեց, որ այս տարիքի իրենց զէնքը լաւ աշակերտ ըլլալն է, հայկական երգն ու պարը գիտնալն է, պատմութիւնը սորվիլն է, հայերէն գրելն է, կարդալն է, ակումբ եւ կիրակնօրեայ վարժարան յաճախելն է, Համազգային կամ այլ մշակութային միութիւններու մաս կազմելն է:

«Դո՛ւք էք մեր ապագան: Այսօր Հայաստանը ձեզի շատ պէտք ունի, եւ իւրաքանչիւրդ գործ ունիք տանելիք հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախի վերադարձին համար: Այս առիթով, ես պիտի վերակոչեմ զօրավարներուն այն կոչը, որ կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդը պայքարելու միասնաբար` յանուն հայրենիքին: Իսկ դուք ո՞ր հերոսին պիտի հետեւիք», եզրափակեց Գոճայեան:

Այնուհետեւ շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը` խմբերգներով: Ճեմարանը ներկայացուց «Ես եմ» երգը, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը մեկնաբանեց հայրենասիրական երգերու շարան մը, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճը` «Զինուորի երդում» երգը:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող ՀՄԸՄ-ի Արցախի  սկաուտները, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, Լիբանան գտնուելնուն համար եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին ջերմ ընդունելութեան համար` հաստատելով, որ իրենք մեզմով կը քաջալերուին եւ կը լեցուին յոյսով ու հաւատքով: Անոնք ըսին, որ մեզմով կը հպարտանան, որովհետեւ մենք երբեք չենք յուսահատիր եւ չենք մոռնար մեր հայրենիքը, նաեւ կոչ ուղղեցին` ըլլալու համախմբուած,  ըլլալու ազգին արժանի զաւակ: Ապա սկաուտները միասնաբար երգեցին «Եկ քինինք Արցախ» երգը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, որ աշակերտներու հետ հաւաքական երգեցողութեամբ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ:

Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի երգչախումբի «Սարդարապատ» յաղթերգի մեկնաբանութեամբ:

Նախորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով. Լիբանանահայ Հարիւրաւոր Պատանիներ Հայրենիքի Զօրակցական Կոչերով, Երգեցողութեամբ Եւ Պարերով Մասնակցեցան Ներսիկ Եւ Արաբօ Իսպիրեաններու Երգահանդէսին

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ. – 3-0 Ետ Մնալէ Ետք Մենեսոթա Կը Պարտադրէ 5-րդ Մրցում Մը` Յաղթելով Չորրորդին

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?