Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Առողջապահական Դասախօսութիւն

Յունիս 7, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կազմակերպած մայիս  ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով «Auto immune disease»:

Լիբանանի, Հայաստանի, ԼՕԽ-ի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, որ մայիս 20, ինքնամարմնային եւ ինքնաբորբոքային յօդացաւի (Auto Immune and Auto inflammation arthritis) համաշխարհային նախազգուշացման օրն է: Այս հիւանդութիւնը մաս կը կազմէ սրընթաց կամ յամրընթաց բազմազան հիւանդութիւններու, որոնք կը կոչուին Auto Immune հիւանդութիւններ: Այս հիւանդութիւններուն բնորոշ է այն, որ մարմինը ինքզինք կը վնասէ, ուր մարմնի դիմադրողական համակարգը կը յարձակի եւ կը վնասէ մարմնի մէջ գտնուող առողջ բջիջները: Այս հիւանդութիւններու դրսեւորումը կախում ունի անկէ, թէ մարմնի ո՛ր հիւսկէնները թիրախաւորուած են. անոնք կրնան ըլլալ մկանային, աղիքներու, յօդերու եւ մարմնի տարբեր գործարաններու հիւանդութիւններ:

Օրուան դասախօսն էր. «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընդհանուր բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ նշեց, թէ աւելի քան 80 տեսակ Auto Immune հիւանդութիւններ գոյութիւն ունին եւ, վերջին տուեալներուն համաձայն, կարելի է, որ այս թիւը 100-ը անցնի:

Ան ներկայացուց այս հիւանդութիւններուն ախտանշանները, որոնք կախում ունին հիւանդութեան տեսակէն եւ մարմնի ընդհանուր ախտահարուած հատուածէն: Հիւանդը կրնայ տառապիլ յոգնածութենէ, թեթեւ տաքութենէ եւ ընդհանուր անհանգիստ վիճակէ: Որոշ հիւանդութիւններ ունին որոշ ախտանշաններ, ինչպէս ուռեցք` մարմնի տարբեր հատուածներու վրայ, յօդացաւ, մորթի կամ ընդհանուր թուլութիւն: Բժիշկը նշեց, որ այս հիւանդութիւններու ճշգրիտ պատճառները կը մնան անհասկնալի: Կարելի է, որ պատճառը ըլլայ ծինային (genetic), միջավայրի ազդեցութիւն, ինչպէս` ապականած օդը, որոշ ուտելիքներ կամ վարակ մը: Իսկ ինչ կը վերաբերի բուժումին, Auto Immune հիւանդութիւնները վերջնական բուժում չունին: Կարեւոր է արագ ախտաճանաչումը` նուազեցնելու համար ախտանշանները եւ ուշացնելու հետագայի բարդութիւնները, որոնք անխուսափելի են:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Թաշճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 19 – Էջեր Զուգահեռ Օրատետրէս» Հատորը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?