Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիի Ազատագրութեան 32-Ամեակի Տօնակատարութիւն

June 6, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ռաուտայի «Շուշի» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակի տօնակատարութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր ժամանակներու բոլոր նահատակներուն: Ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կիրօ Գարակէօզեան, որ նշեց, թէ երեսուն տարի ազատութիւն եւ անկախութիւն շնչած մեր Շուշին այսօր բռնագրաւուած է ազերի բանակին կողմէ, ուր կը քանդուին ու արմատախիլ կ՛ըլլան ամէն ինչ, որ հայկական է, կը պղծուին եկեղեցիները, գերեզմաններն ու յուշակոթողները: Գարակէօզեան ըսաւ, որ հայութիւնը պարտուեցաւ, կորսնցուց ճակատամարտ մը, բայց հայու ոգին կը մնայ անպարտելի, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պիտի գայ այն օրը, երբ հայութիւնը վերագտնելով իր ուժն ու կորովը, հաւատքն ու համոզումը` վերստին տէր պիտի դառնայ հայրենիքին, վերստին պիտի ազատագրէ չքնաղ Շուշին ու ամբողջ Արցախը: Աւարտին Գարակէօզեան հաստատեց. «Քաջ հաւատացողն ենք, որ հայոց պետականութեան ու բանակին հզօրացումով, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի միասնականութեամբ պիտի կերտուին նոր յաղթանակներ»:

Ապա Յակոբ Անտոնեան (շեփոր) եւ Անտրու Գունտէքճեան (օրկ) նուագեցին «Կամաւոր» եւ «Տունն իմ հայրենի» երգերը, որմէ ետք օրուան պատգամը յղեց Պետիկ Ծառուկեան: Անդրադառնալէ ետք Շուշիի ազատագրական պայքարի քաջարի հերոսներու սխրագործութիւններուն, պատգամախօսը ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յաղթական Շուշին թշնամիին յանձնեցին «սուտ լոզունգներով» եւ արծաթեայ սպասներով»:

Ծառուկեան շեշտեց, որ սփիւռքը մեծ գործ ունի կատարելիք` վերականգնելու հայու արժանապատուութիւնը եւ պայքարելու ոգին: Ան ըսաւ, որ հայը իրաւունք չունի յուսահատելու եւ յանձնուելու, այլ պայքարի ոգիով պէտք է աշխատանք տանի հասնելու համար նոր յաղթանակներու: Պետիկ Ծառուկեան յայտնեց, որ «իրաւունքը չի տրուիր, այլ` կ՛առնուի», ինչպէս Շուշիի ազատագրութեան օրերուն հերոս տղաք կատարեցին, եւ այս շրջագիծին մէջ հայութիւնը պէտք է նոր մարդուժով ու կարելիութիւններով պատրաստուի յաջորդ մարտերուն, որոնց յաջողութեան մեծագոյն գրաւը Հայաստանի մէջ հայկական իշխանութիւն ունենալն է, մէկ ազգ եւ հզօր բանակ ունենալն է:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի Կասիա Շատարեւեան, որ երգեց «Կռունկ» եւ «Ա՜խ, տունս տունս» երգերը:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած եւ Արցախին նուիրուած զարգացման մրցումին արդիւնքները: Առաջին հանդիսացաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը, երկրորդ` «Յառաջ»-ը եւ երրորդ` «Հրայր Դժոխք»-ը: Այս առիթով ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն մրցումի մասնակցած բոլոր պատանիներուն նուիրեց յատուկ յուշանուէրներ:

Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:

Յակոբ Անտոնեան
Անտրու Գունտէքճեան
Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին Մտերմութեան Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.