Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախ-Հայաստան» Զարգացման Մրցում Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Յունիս 10, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայեցի դաստիարակութիւնը հայկական վարժարաններու սիրտն է, իսկ ազգային ինքնութեան պահպանում ու գոյատեւում ապահովելը` անոր վեհ առաքելութիւնը: Հայրենասիրութեան եւ տաղանդի աշխուժ դրսեւորմամբ, երեքշաբթի, 14 մայիս 2024-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 6-րդ դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան «Արցախ-Հայաստան» զարգացման մրցումին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յաջորդական երեք տարիներէ ի վեր հայկական ձեռնարկներու աւանդութիւն դարձած զոյգ վարժարաններու 6-րդ դասարաններու հանդիպումը այս տարի կայացաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի յարկին տակ, որուն 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանը յատկացուած էր Արցախի, այդ նպատակով զարգացման մրցումը նուիրուած էր Արցախի ու Հայաստանի:

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբ մը աշակերտներ բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեցին Մեսրոպեանի 6-րդ դասարանցիները եւ անոնց ուղեկցեցան սրահ, ուր զոյգ վարժարաններու 65 աշակերտները բաժնուեցան ինը խմբակներու` Արցախ, Շուշի, Ստեփանակերտ, Հադրութ, Ասկերան, Քաշաթաղ, Մարտակերտ, Շահումեան եւ Մարտունի:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան, որ ըսաւ. «Արցախը այսօր դժբախտաբար գրաւուած է, թշնամին ներկայիս կրցաւ հողատարածքը առնել մեզմէ (բայց մենք կը հաւատանք վերատիրացման), սակայն չի կրնար գրաւել կամ ոչնչացնել հայու ոգին ու շունչը, քանի կան ձեզի պէս հայ աշակերտներ, որոնք կը սորվին հայրենիքի մասին, գիտեն հայոց պատմութիւնը, կը գուրգուրան մայրենիին եւ կը պահեն մշակոյթը… Այսօրուան յայտագիրը մրցոյթէ մը աւելին է, ոգեշնչման փարոս մըն է, որ ձեր մէջ վառ պիտի պահէ ազգային ու հայրենասիրական ոգին…», ապա ան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց` հայերէնի ուսուցիչներուն, պատասխանատուներուն, դատական կազմին, եւ վարժարանի տիկնանց յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին այս ձեռնարկը:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի ու Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք սկիզբ առաւ «Արցախ-Հայաստան» զարգացման մրցումը, որ ընթացաւ դրական, հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, անիկա սոսկ մրցում մը չէր, այլ` հայու ոգիի սաւառնում, հայկական մշակոյթի հանդէպ գուրգուրանք, ազգային միասնականութեան գիտակցութիւն եւ հայրենասիրութեան ամրապնդում:

Մրցումին ընթացքին տեղի ունեցան գեղարուեստական դադարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեսրոպեանէն` Արմէն Գարօ Թերզեան եւ Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեան (տհոլ եւ երգեհոն)` «Ախպերս ու ես», «Ղարաբաղ», Շողակ Մակոլեան (ասմունք) «Ղարաբաղ», Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեան (երգեհոն եւ երգ)` «Ախ իմ երկիր», Արմէն Գարօ Թերզեան (տհոլ) «Զարթի՛ր, լաօ՛», «Արարատն առաջ», Ս. Խաչ-Հարպոյեանէն` Քէյթ Վասիլեան (ասմունք)` «Ուրեմն զա՛րկ, Արցախ», Գալին Այվազեան (քանոն)` «Հինգալլա» եւ «Կաքաւիկ», հայկական պար «Եաման եար»:

Մրցումի եւ գեղարուեստական ելոյթներու աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ իր անհուն ուրախութիւնը արտայայտեց եւ գնահատական խօսքերով արժեւորեց ձեռնարկը: Խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նախ աշակերտներուն, որոնց շնորհիւ է, որ կը կայանան նման ձեռնարկներ, ան շեշտեց, որ իրենք են ազգի ժառանգութիւնը կրողները եւ հայ ազգի ապագայի ճարտարապետները, շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ յայտագիրի յաջողութեան: Ան մաղթեց, որ հայրենասիրութեան զգացումը վառ մնայ իւրաքանչիւրին մէջ եւ նմանօրինակ տօնախմբութիւններով շարունակուի մեր մշակոյթի պահպանումը:

Ապա աշակերտները խումբ առ խումբ բեմ բարձրացան, եւ բոլորը օրուան խորհուրդը կրող նշանակով յուշանուէրներ ստացան տնօրէններու ձեռամբ: Ապա յայտարարուեցան արդիւնքները` եւ Ա. մրցանակ ստացող խմբակի եօթը անդամները ստացան համապատասխան յուշատախտակներ:

Գնահատուեցան բոլորը` իրենց տաղանդներուն եւ ազգային ոգին վառ պահելու իրենց դերակատարութեան համար:

Աշակերտակեդրոն հայերէնի դասընթացքը տպաւորիչ, դաստիարակիչ, խրախուսիչ ու շինիչ դերակատարութիւն ունեցաւ կերտելու համար իսկական ու տիպար հայ աշակերտներ:

Հայկական հիւրընկալութիւնը կարելի չէր աւարտել առանց ճոխ ու համադամ հայավայել հիւրասիրութեան:

Նախորդը

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»` Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները` 1919-ին

Յաջորդը

Հայագիտութիւնը` Ազգայինի Յենասիւն

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?