Հինգշաբթի, 30 մայիս 2024-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրին տասներորդ տարեշրջանի աւարտական մրցումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մրցում-յայտագիրի հովանաւոր Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանի, աւարտական փուլ հասած լիբանանահայ վարժարաններու, «Թռչնոց բոյն»-ի եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէններուն, ծնողներու, «Վանայ Ձայն»-ի բարեկամներու եւ անձնակազմի անդամներուն:
Մրցում-յայտագիրը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին եւ ուղղակի սփռուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի եթերով եւ Դիմատետրի էջով:
Մրցում-յայտագիրի հեղինակ եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան բացման խօսքով նշեց. «Ինը տարի նոյն ձեւով ներկայանալէ ետք, տասներորդ տարին «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրը կրեց որոշ փոփոխութիւններ: Այս տարուան իւրայատկութիւնը վարժարաններ այցելութիւնն էր, հոն կատարելու համար առաջին փուլի զտումի մրցումները եւ, փաստօրէն, խանդավառութիւնն ու լրջութիւնը ակներեւ էին»:
Խօսելով մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին` ան ըսաւ. «Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը թերագնահատելը կը նմանի մայրական կաթի մերժումին: Մեր աշակերտները պէտք է զինուած ըլլան իրենց մայրենի լեզուով, սորվին, ու գուրգուրան, սիրեն իրենց լեզուն եւ հաւատան, որ լեզուն զէնք է, ուժ է, պատիւ է եւ ինքնութեան պահպանման գրաւականն է»:
Անդրադառնալով «Վանայ Ձայն»-ի դերակատարութեան, ան շարունակեց. ««Վանայ Ձայն»-ը անմասն չէ մնացած մայրենի լեզուի պահպանման համար մղուած պայքարէն` սփռելով հարազատ հայ երգ եւ այնպիսի յայտագիրներ, որոնք օգտակար կ’ըլլան նոր սերունդի պատրաստութեան ու մայրենի լեզուի պահպանման»: Ապա, Հուրի Փափազեան-Էմմիեան ներկայացուց յայտագիրին օրէնքները եւ մրցանակակիր աշակերտներուն ստանալիք նիւթական պարգեւները:
Այնուհետեւ մրցում-յայտագիրը ընթացաւ երեք հանգրուանով` աւարտական փուլ հասած վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու երեքական աշակերտներու մասնակցութեամբ: Իւրաքանչիւր փուլէ առաջ ցուցադրուեցաւ մասնակիցները ծանօթացնող տեսերիզ մը: Ներկայացուեցաւ նաեւ մրցում-յայտագիրին չորս ամսուան 14 յայտագիրները ամփոփող տեսանիւթ մը:
Աւարտական փուլի մրցակցութիւնը եղաւ բաւական սուր եւ հետաքրքրական: Մասնակիցները յաճախ հաւասար արդիւնքներ արձանագրեցին եւ ստիպուեցան դարձեալ մրցիլ` ճշդելու համար առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու տիրացողները:
Մրցումներու աւարտին արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.
Առաջին- Արէն Ռասլան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձր. վարժարան)
Երկրորդ- Վիքի Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան)
Երրորդ- Նուշիկ Էլէյճեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան)
Եօթներորդ Դասարան
Առաջին- Կալի Թաթօ (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձր. վարժարան)
Երկրորդ- Հրակ Պալեան (Հայ աւետարանական քոլեճ)
Երրորդ- Աննա Քէօշկերեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձր. վարժարան)
Ութերորդ Դասարան
Առաջին- Մեղրի Յովհաննէսեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ- Սագօ Պոյաճեան (Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան)
Երրորդ- Քրիստիան Սիւրմէլեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձր. վարժարան)
Խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ` «Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը ըլլալու հանգամանքը պարտաւորեցնող է: Հարկ է տեւաբար ժողովուրդին ներկայանալ լաւագոյն յայտագիրներով, լաւագոյն երգացանկերով եւ լաւագոյն ծրագիրներով: Հարազատութիւն կ’ենթադրէ տեւաբար ըլլալ ժողովուրդին մօտ, ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը այս հաստատումին լաւագոյն ապացոյցն է, որովհետեւ, իբրեւ ծրագիր, իրագործում եւ արդիւնք, բոլոր տուեալները ունի «լաւագոյնը» եւ «հարազատը» ըլլալու»:
Ան մրցում-յայտագիրի տասներորդ տարեշրջանի գլխաւոր նորութիւններուն մասին խօսելով` նշեց. «Ձայնասփիւռի կայանը աշակերտութեան մօտ տանելով` կարեւոր ճիգ մը եղաւ «Ճիշդ հնչենք»-ի ճամբով պատանի սերունդին մէջ հետաքրքրութիւն եւ կապուածութիւն ստեղծելու` հանդէպ հայ գիրին ու բառին, հայ մշակոյթին եւ ռատիոկայանին: Կապուածութիւն, որ յայտագիրի մը սահմաններէն անդին անցնելով, կը յուսանք, որ կը ծառայէ` պատրաստելու «Վանայ Ձայն»-ի վաղուան ունկնդիրը, հայ երգի եւ յայտագիրի ծարաւ մարդը, հայեցի դիմագիծով ու նկարագիրով լիբանանահայը»:
Ապա Վիգէն Աւագեան հարց տուաւ, թէ` «Վերջին հաշուով ի՞նչ է նպատակը ազգային մեր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, եթէ ոչ` հայը հայ պահել, հայուն մէջ հայկականութիւնը աւելի ամրապնդնել` տեղ մը կրթական աշխատանքով, տեղ մը մարզական կեանքով, այլ տեղ մշակոյթով, իսկ տեղ մըն ալ ռատիոկայանի դաստիարակիչ յայտագիրներով»: Իր խօսքի աւարտին տնօրէն Վիգէն Աւագեան խոստացաւ տասնմէկերորդ տարեշրջանի աւարտին տեսնուիլ նոր մասնակիցներով եւ յաւելեալ նորութիւններով:
Յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդին, Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետին եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնին: Մրցանակակիր աշակերտները ստացան նիւթական պարգեւներ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած գիրքեր: Այս առիթով «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ծաղկեփունջով մը ձայնասփիւռի կայանին երախտագիտութիւնը յայտնեց մրցում-յայտագիրի հովանաւոր Մարաշի հայրենակցական միութեան: Ծաղկեփունջը յանձնուեցաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանին:
Հուսկ, տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրին տասներորդ տարեշրջանը նշող կարկանդակի հատում:



