Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնակատարութիւն` «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագիրով:
Քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սոմունճեան, որ անդրադարձաւ 28 մայիսի անկախութեան նախորդող ժամանակաշրջանին ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ տիրող դժնդակ պայմաններուն, քաղաքական կացութիւններուն եւ նշեց, որ անկախութիւն յայտարարելու որոշումը դիւրին չէր, որովհետեւ դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հայութիւնը կ՛ունենար ազատ եւ անկախ պետականութիւն կերտելու գաղափար մը, որուն վարժ չէր տարիներով ստրուկ մնացած ժողովուրդը: Ասոր վրայ կու գային աւելնալու այլ բազմատեսակ` նիւթական, ընկերային, ապահովական եւ գումակային դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս, կերտուեցաւ այդ յաղթանակը, եւ Հայաստան դարձաւ անկախ, ազատ եւ ինքնիշխան:
«Մայիս 1918-էն 106 տարիներ ետք դարձեալ պահը օրհասական է: Թէեւ ունինք անկախ պետութիւն, բայց այս անգամ Թուրքիոյ կրստեր եղբայրը Ազրպէյճանն է, որ կը ներկայանայ խաղաղութեան պայմանագիրով մը: Պայմանագիր մը, որ դարձեալ գոյութենական վտանգի տակ կը դնէ Հայաստանի պետականութիւնը եւ ամբողջ հայութիւնը:
«Սակայն 1918-ի եւ 2024-ի միջեւ կայ հիմնական մէկ մեծ տարբերութիւն, այդ ալ հայկական բանակցող կողմի պատրաստակամութիւնն է` պաշտպանելու հայկական շահերը: 1918-ին հայկական կողմը պատրաստ էր ոչ մէկ զիջում կատարելու, այլեւ անհաւասար կռիւով կ՛ուզէր տէր կանգնիլ իր հողին եւ անկախութիւն հռչակել: Իսկ այսօր անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ամէն բան ընելու` գոհացնելու համար Ազրպէյճանի եւ անուղղակիօրէն Թուրքիոյ պահանջները», ըսաւ Սոմունճեան:
Ան շեշտեց, որ հակառակ իշխանական խաւին մօտ առկայ այս յանձնուողական տրամադրութեան` տակաւին գոյութիւն ունի 1918-ի տեսակի հայը, եւ այս տեսակի հայը Տաւուշէն ազդանշան տուած է միակողմանի զիջումներու մերժումի ալիքի` Հայաստանի իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութեան: «Կը զօրակցինք հայրենիքի ողբալի իրավիճակէն դուրս գալու համար ծայր առած սրբազան պայքարին` պաշտպանելու համար մեր ազգային արժէքները եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւն ու կերտելու հայոց փայլուն ապագան», եզրափակեց Արամ Սոմունճեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը` Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ նշեց, թէ Հայաստանի եւ հայութեան համար բախտորոշ պայմաններու մէջ կը տօնենք Հայաստանի անկախութիւնը, «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագիրով Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակ նշելը հրաւէր է` կեդրոնանալու այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք յղի են անկախութեան գաղափարը, անոր իմաստը բնորոշող տարրերով:
Խօսքին առաջին բաժինով լուսարձակի տակ առնելով 1918-ի նախորդող ժամանակաշրջանի դէպքերը, պայմանները եւ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` այդ օրերու կացութիւնը` բանախօսը ըսաւ, որ թրքական եւ ռուսական տիրակալութեան ամբողջ տեւողութեան մեր ժողովուրդի ճնշիչ տոկոսը ունէր այն խոր համոզումը, որ հայը անզօր է թօթափելու այդ լուծերը: «Սարդարապատը շպրտեց այդ անզօրութիւնը: Վեց հարիւր տարուան գերութենէ ետք հայը եկաւ այն եզրակացութեան, որ ինք կարող է իր տէրը դառնալ: Այդ համոզումը անկախութեան գաղափարն է», շեշտեց ան:
Ապա Տ. Ճինպաշեան լայնօրէն լուսարձակի տակ առաւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքն ու գործունէութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացումը, արցախեան պահանջատիրական շարժումը, Հայաստանի վերանկախացումը, անկախութեան հռչակումն ու հանրաքուէն, Անկախութեան հռչակագիրի որդեգրումը: Ան նշեց, որ անկախութեան հռչակումէն ետք Հայաստան որդեգրեց ազատական տնտեսական դրութիւնը եւ գռեհիկ ժողովրդավարութիւն մը, որ ամբողջատիրութեան մեղմացուած տարբերակն էր, արհեստական կերպով ստեղծուեցաւ դրամատէրերու դասակարգ մը, որ առաջնորդեց մենաշնորհներու: Բանախօսը կեդրոնացաւ վերանկախացած Հայաստանի ներքին համակարգին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն վրայ, նշեց, որ ստեղծուած իրավիճակէն, ժողովուրդի դժգոհութենէն օգտուեցան արտաքին ուժեր եւ իրենց շրջանային քաղաքական շահերը սպասարկելու նպատակով Հայաստանի մէջ յաջողցուցին բազմաթիւ երկիրներու մէջ փորձուած գունաւոր յեղափոխութիւններէն մէկը` «թաւշեայ յեղափոխութիւն», որ օգտագործեց ամբոխավարական արհեստագիտութեան բոլոր հնարքները` իշխանութեան բերելով ժխտական անցեալով ամբոխավար մը եւ յեղափոխականի պատմուճան հագած անոր խմբակը: Բայց եւ այնպէս, ժողովուրդը պառակտուեցաւ, հանրութիւնը բաժնուեցաւ սեւ-սպիտակի, նախկինները հալածուեցան ու դատապարտուեցան, պետական վարչամեքենան գրաւուեցաւ անփորձ, անգաղափար եւ պատեհապաշտ, բայց յաւակնոտ պաշտօնեաներու կողմէ: Քաղաքական հասարակութեան պառակտումը առաջնորդեց ժողովուրդի անտարբերութեան:`
Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ այս բոլորէն մեծապէս օգտուեցաւ թշնամին, պատերազմ շղթայազերծեց Արցախի դէմ, նախ կորսնցուցինք Արցախի մեծ մասը, ապա անիկա ամբողջութեամբ հայաթափ եղաւ: Ազրպէյճան նոյնիսկ գրաւեց Հայաստանի պատկանող սահմանամերձ եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բարձունքներ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն բոլոր կորուստները, պարտութիւնները, նահանջը, զորս ապրեցաւ հայութիւնը այս իշխանութեան որդեգրած ապազգային եւ յանձնուողական քաղաքականութեան ու ուղեգիծին իբրեւ հետեւանք` արտաքին թէ ներքին ճակատներուն վրայ:
Բանախօսը շեշտեց, որ կը թուէր, թէ Հայաստանի քաղաքացին պայքարներէն յոգնած, պարտութեան պատճառով խոր տեղատուութեան մատնուած` անտարբեր էր այս բոլորին նկատմամբ, բայց, ինչպէս 1918-ի մայիսին, այս անգամ ձայնը հնչեց Տաւուշէն, ուր կատարուող անօրինական, հակասահմանադրական սահմանազատումի համաձայնութիւնը ոտքի հանեց Տաւուշի ժողովուրդը, որ ղեկավարուելով Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի կողմէ` մերժեց կորաքամակ յանձնումի հերթական արարքը:
«Ահազանգը Տաւուշէն սկսաւ, սակայն շուտով համահայաստանեան դարձաւ, նոյնիսկ` համահայկական: Որեւէ հաւաքական նպատակ պէտք է նախ իւրացուի այդ հաւաքականութեան կողմէ: Ասիկա նախապայման է անոր իրականացման համար:
«Մեծ ճիգերէ եւ զոհողութիւններէ ետք, կարելի է ըսել, որ Հայաստանի ժողովուրդը վերագտած է ինքզինք: Վերազարթօնքին համար հարկ էր զօրաւոր ու կազմակերպուած ազդակ մը, որ երեւան եկաւ անսպասելի առաջնորդի մը միջոցով, որ ո՛չ անցեալին կը պատկանէր, ո՛չ ալ ներկային առնչուած էր: Հայրենասէր ու զոհաբերող բարձրաստիճան եկեղեցական մը, որ պարտութեան ալիքին դէմ թումբ կանգնելու անհրաժեշտ պայքարին բերաւ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը: Այժմ ազգայինը մակընթացութեան մէջ է, իշխանութիւնը` տեղատուութեան», հաստատեց բանախօսը:
Տիգրան Ճինպաշեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ իշխանութիւնները կը փորձեն խանգարել, կասեցնել շարժումի թափը, սակայն անհրաժեշտ է ծառանալ առկայ վտանգաւոր գրոհին դէմ, պէտք չէ անտարբերութեամբ զոհել դարերէն եկող այն սրբազան կտակը, զոր ամէն հայ պարտաւոր է իր մէջ անվթար ու անձեռնմխելի պահել, պահպանել հայ ժողովուրդին դարաւոր ձգտումը` ազատ, անկախ ու միաւորուած հայութեամբ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարը:
Իր խօսքը եզրափակելով` բանախօսը ըսաւ. «Պայքարը նոր սկսած է: Պայքարը կրնայ երկար տեւել, որովհետեւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան յենող յաղթանակները դժուար կը շահուին: Հաստատակամ պէտք է մնալ ու ժողովուրդին ներշնչել յոյս եւ հաւաք, կամքի զօրութիւն եւ քաջութիւն: Պէտք է վերանուաճել եւ վերաիմաստաւորել անկախութիւնը, վերադարձնել հպարտութիւնը: Մեր ժողովուրդին վիճակուած յարատեւ պայքարը երբեմն ընկրկումներով, երբեմն նաեւ մասնակի յաղթանակներով մեր ազգային ճակատագիրի անբաժան մասն է, պէտք չէ ընկրկիլ, պէտք է յարատեւել:
«Որովհետեւ ո՛վ որ չի յուսահատիր, ո՛վ որ կը յարատեւէ, ի վերջոյ կը յաղթէ»: (Բանախօսութեան ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Յաջորդեց Բագրատ արք. Գալստանեանի տեսաուղերձը, որուն մէջ ողջունեց մայիս 28-ի խորհուրդով համախմբուած լիբանանահայութիւնը, որ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման, անոր արժէքներուն, ծրագիրներուն, նպատակներուն, որոնք կը միտին մեր ազգային կեանքին մէջ հաշտութեան օրակարգի ներդրման` արդարութեան ու ճշմարտութեան հիման վրայ: Ան մաղթեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդները ըլլալով` լիբանանահայութեան ունեցած ոգին, ազգային նկարագիրը միշտ վառ մնան բոլորին մէջ:
Մկրտիչ եւ Լիանա Միքայէլեանները կատարեցին այս ձեռնարկին առիթով յատուկ մշակուած «Կիլիկիա» մաղթերգը, իսկ Վիգէն Տիշչեքենեան կատարեց ազգային հայրենասիրական երգեր:
Ձեռնարկին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը կարդաց կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ 28 մայիսի յաղթանակը մեզի պարգեւեց երեք արժէքներ. «Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ անկախութիւն, պատմական Հայաստանի մէկ փոքր ածուին` հողին վրայ Հայաստանը ստացաւ միջազգայնօրէն իրաւական ճանաչում: Հոգ չէ, թէ փոքր հողատարածքով, բայց եւ այնպէս, նոր Հայաստանը արծիւի նման անկախութիւնը եւ հանրապետութիւնը ունեցաւ իբրեւ իր թռիչքին մղիչ ուժը եւ թեւերը, անկախութիւնը հասկցուած սովորական բառարանային հասկացողութենէն անդին` ինքնօրէն ապրելու իրաւունքին վերատիրանալու երեւոյթ եւ իրականութիւն էր, հանրապետութիւնը` ի տարբերութիւն մեր պատմութեան դարերու ընթացքին թագաւորական եւ իշխանական անուանումներուն, համաժողովրդային, մէկ խօսքով` ազգային պետութիւն, որ կը համախմբէ ողջ հայութիւնը: Այս երեք անուանումները մայիս 28-էն 106 տարիներ ետք սարդարապատեան ղօղանջող զանգերը մեզ կը յիշեցնեն»:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս տարի մայիս 28-ին, երբ կը տեսնենք հայրենիքին ապրած վերիվայրումները, կը գիտակցինք, որ մեր բոլոր տկարութիւններուն, ընկրկումներուն, նահանջին, պարտուողական հոգեբանութեան, հայութիւնը եւ հայը իսկապէս պէտք է ականջ տայ մեր այսօրուան կացութեան ահազանգին, թէ` այսօր իրողական սպառնալիք կայ մեր հաւաքական գոյութեան, գիտակցի պահուան լրջութեան եւ գօտեպնդուի մայիս 28-ի ոգիով:
Շահան արք. Սարգիսեան շեշտեց, որ պէտք է հաւատալ հրաշքին, չըլլալ թերահաւատ, իսկ ներկայ կացութեան մէջ այդ հրաշքը մեր ժողովուրդին արթնամտութիւնը, միասնականութիւնը եւ ինքնիր ուժերուն վստահիլն է: Ան հրամայական նկատեց ինքնակերտումն ու ազգակերտումը. «Եւ իբրեւ հրաշք, երբ մենք կը հաւատանք մայիս 28-ին, երբ աշխարհին լքուած էինք, կրցանք հայրենիք կերտել` մեր հաւաքական կամքով, հաւաքական, միասնական գործակցութեամբ, մեր ուժերուն եւ աստուածատուր ուղեղին վստահելով, ուրեմն մենք կրնանք կերտել նոր հայրենիք, նոր Հայաստան»: