Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլին մասնակիցները ծանօթացան արհեստական բանականութեան (AI) եւ անոր գործածութեան` լրագրութեան մարզին մէջ:
Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայկազեան համալսարանի IT բաժանմունքի պատասխանատու եւ համակարգչային գիտութիւններու դասախօս Շանթ Ստեփան խօսեցաւ արհեստական բանականութեան մասին:
Ան ներկայացուց արհեստական բանականութիւնը` օգտագործելով տեսերիզներ ու օրինակներ եւ բացատրեց, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ կարելի է զայն գործածել: Ան ապա մանրամասն ներկայացուց արհեստական բանականութեան տարբեր տեսակները եւ կեդրոնացաւ հիմնական տեսակին վրայ` խօսելով ChatGPT-ին մասին:
Երկրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ արհեստական բանականութեան գործածութեան մասին` լրագրութեան մարզին մէջ: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ միջոցներով եւ գործիքներով կարելի է տեղեկութիւններ հաւաքել ու զանոնք ստուգել, ապա յօդուածներ գրել առցանց ծրագիրներու միջոցով:
Վերջին բաժինով ան ներկայացուց լրագրութեան մէջ արհեստական բանականութիւնը գործածելու մարտահրաւէրները եւ անդրադարձաւ անոր ապագային:
Զեկուցումէն ետք մասնակիցները հարցումներ ուղղեցին եւ կարծիքներ յայտնեցին: