ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը 10 մայիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հայրս ո՞վ է» զաւեշտախաղը:
Ծանօթ բեմագիր Ռէյ Գունիի հեղինակած «Իթ ռանզ ին տը ֆամիլի» թատերախաղին վրայ հիմնուած եւ մեծանուն Գրիգոր Սաթամեանի թարգմանած «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութեան Վաչէ Տօներեանի բեմադրութիւնը այժմէական արտացոլումն է անհաւատարմութեան ընկերային ախտին` զուտ կատակերգական ոճով, ուր կերպարներուն միջեւ յառաջացած ինքնութիւններու շփոթը, չափազանցութիւններն ու իրերայաջորդ սուտերը բեմին վրայ կը ստեղծեն զաւեշտալի դրուագներ: «Այս տարի եւս ընտրեցի զաւեշտախաղ մը, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ հանդիսատեսը կարիքն ունի ուրախանալու եւ խնդալու, ոչ թէ խորին մտածումներով տուն վերադառնալու», կ՛ըսէ բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սարին Խաչիկեան անդրանիկ ներկայացումին արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուց, որ թատերախումբին գլխաւոր առաքելութիւնն է յարատեւել եւ միշտ վառ պահել մեր մշակոյթը, հակառակ Լիբանանի ու հայրենիքի անբարենպաստ պայմաններուն: «Թատերախումբը լիովին կը մատուցէ իր ազգօգուտ ծառայութիւնը սփիւռքահայ մշակութային կեանքին մէջ` պատիւ բերելով ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան», ըսաւ ան:
Յատկանշական է, որ այս թատերախաղով բեմ բարձրացող ոչ միայն սկզբնակ, այլ նաեւ լիբանանահայ բեմերուն արդէն ծանօթ, փորձառու դերակատարներուն մեծամասնութիւնը իր թատերական ուղին սկսած է նոյնինքն ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբէն: Այսպէս, բեմին վրայ կը գտնէք Յարութ Թորոսեանի, Յարութ Մանուկեանի, Եղիկ Աւետիքեանի, Սեդա Պոյաճեան-Լէփէճեանի, Հուրի Պապահէքեանի, Դանիէլ Քէօրօղլեանի, Սմբատ Ղազէլեանի, Արմէն Մաճառեանի ու Թալին Չագմաքճեանի նման հանդիսատեսին ծանօթ դէմքեր, որոնց առաջին անգամ ըլլալով կը միանան Ճեսի Նաճարեան-Պէրպէրեանը, Արինա Պապօղլանեանն ու խումբի կրտսերագոյն անդամ Կալիա Նորշահեանը, որոնք կը վերահաստատեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երկարամեայ աւանդը գաղութի թատերական ոլորտին մէջ ու կ՛ապացուցեն, թէ այս արուեստը չէ կորսուած լիբանանահայուն միտքէն ու սրտէն, այլ միջոց է անջատուելու տխուր իրականութենէն եւ հայաշունչ միջավայրի մէջ վայելելու դերակատարներու այս երիտասարդ սերունդին քանի մը ամսուան հետեւողական աշխատանքին արգասիքը` հովանաւորութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ անմիջական գործնական աջակցութեամբ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ