Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակութային Օր Եւ Վկայականաց Բաշխման Հանդէս

June 3, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 16 մայիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան «Կիներու հզօրացման ծրագիր»-ի խոհարարական դասընթացքի մասնակցող 84 կիները վկայագիրներ ստացան:

«Մշակութային օր եւ վկայականաց բաշխման հանդէս» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր` ներկայութեամբ թեմի երեք հոգեւոր պետերուն` Շահէ արք. Փանոսեանի, Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի եւ վերապատուելի Րաֆֆի Մըսրլեանի, CNEWA Pontifical Mission կազմակերպութեան տարածաշրջանի տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթինի եւ Մարլեն Քոնսթանթինի, ինչպէս նաեւ` «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, որ վեր առաւ մշակոյթի կարեւորութիւնը ազգային կեանքին մէջ` նշելով. «Մշակոյթը առանցքային դեր կը խաղայ ազգերու ինքնութեան եւ ձեւաւորման մէջ. ան իր մէջ կը պարունակէ արժէքներ, աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ, որոնք կը բնորոշեն հասարակութիւնը` ապահովելով պատկանելիութեան զգացում: Երգի, պարի եւ արուեստի կողքին, մշակութային կեանքին մէջ ճաշը իր իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցած է. ան կը ծառայէ որպէս գիտելիք, պատմութիւն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցման միջոց»:  Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Մշակոյթը ազգի սրտի բաբախիւնն է, որ կը սնուցանէ հոգին, կ՛ոգեշնչէ ժողովուրդը` ձգտելու դէպի կատարեալը, միշտ յարգելով իր արմատները»:

Գեղարուեստական յայտագրով հերթաբար հանդէս եկան` Գեղամ Սարգիսեան, Մարալ Անտոնեան, մայեսթրօ Վիգէն Չալեան, Սերժ Մամիկոնեան, Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը:

CNEWA, Pontifical Mission կազմակերպութեան տարածաշրջանի տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթին իր խօսքին մէջ ներկայացուց  Pontifical Mission կազմակերպութեան պատմականն ու գործելաձեւը. յայտնեց, որ այս տարի կազմակերպութեան 75-ամեակն է, եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր աշխատանքով եւ ծառայութեան ոգիով կրցաւ իր յատուկ տեղը գրաւել: Ան բարձրօրէն գնահատեց այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը աշխուժօրէն կը գործակցի քրիստոնեայ երեք համայնքներուն հետ եւ անխտրականօրէն կը հասնի շրջանի ժողովուրդի կարիքներուն:

Ապա Սերոբ Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն, որոնք միշտ զօրավիգ եւ քաջալերող հանդիսացած են հաստատութեան բոլոր աշխատանքներուն, CNEWA, Pontifical Mission-ի «Գարակէօզեան» հաստատութեան հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան եւ գործակցութեան: Դրուատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութիւնը  եւ ըսաւ, որ ան իր ծնունդէն մինչեւ օրս միշտ եղած է ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար,  միշտ պատրաստ` լսելու անոնց ցաւերը եւ իւրաքանչիւր ցաւի ամոքման ի խնդիր լուծումներ որոնելու, երկարելու իր գթառատ ձեռքը անխտիր բոլորին` վառ պահելով անոնց մէջ յոյսի փարոսը:

Իր խօսքի աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան բարձրօրէն գնահատեց վկայեալ 84 կիները, որոնք ունեցան կամքն ու համբերութիւնը` սորվելու նորութիւններ եւ իրենց ընտանեկան յարկէն ներս վառ պահելու ընտանեկան աւանդութիւնները:

Յայտագրի աւարտին խոհարարական դասընթացքի մասնակցողները ստացան վկայագիրներ:

Նախորդը

«Հայաստանի Մայիս 28»-ը Տխրեցուց

Յաջորդը

Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր, Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին
Գաղութային

«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.