Եւրոպական Միութենէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Երկուշաբթի,1 յուլիս 2024-ին Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ, ընկերակցութեամբ Պելճիքայէն ժամանած Եւրոպական Միութեան ընդհանուր տնօրէն Կըրտ Ժան Քուփմենի եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Սանտրա տը Ուաէիլ, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային բժշկական մարմնի (IMC) պատուիրակներուն այցելեցին «Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Անոնք դիմաւորուեցան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ներկայացուցիչ, տնօրէնի օգնական Քրիստինա Սիմիտեանի եւ հաստատութեան պատասխանատու մարմինին կողմէ: Այցելուները շրջագայեցան կեդրոնը` մօտէն ծանօթանալու գետնի վրայ...




















