Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 15, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Ուրբաթ, 12 յուլիսէն շաբաթ, 13 յուլիս 2024-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասին մէջ անհատական միջադէպի մը հետեւանքով, ընտանիքի մը անդամ երիտասարդներ փորձեցին ներխուժել թաղամասի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ եւ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որոնք ընդամէնը քանի մը մեթր հեռու են ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունէն:

Յայտնի անցեալով ու շրջանին մէջ հարցեր ստեղծելով ծանօթ այդ անձերը կրակեցին, հայհոյանքներ ու համայնքային կիրքեր հրահրող արտայայտութիւններ բացագանչեցին, սակայն «Նիկոլ Դուման» ակումբի մեր ընկերներն ու շրջանի բնակիչները յաջողեցան ետ մղել այդ խմբակները:

Բոլորին ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Պուրճ Համուտը ունի իր իւրայատուկ դիմագիծը եւ անոր իւրայատկութեան ու խաղաղ համակեցութեան պահպանման համար ՀՅԴ-ն տասնամեակներ շարունակ յանձն առած է մեծ զոհողութիւններ, առանց ճիգ եւ արիւն խնայելու:

Հետեւաբար կը զգուշացնենք բոլոր անոնք, որոնք ցարդ չեն կրցած ըմբռնել այդ իւրայատուկ դիմագիծի կարեւորութիւնը, որ այսպիսի արարքներ բացարձակապէս անընդունելի են, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է լուռ անցնիլ անոնց վրայէն:

Նաեւ կը պահանջենք, որ ապահովական եւ դատական մարմինները տէր կանգնին իրենց պարտականութիւններուն, որովհետեւ կարելի չէ անտեսել երկրի զգայուն այս պայմաններուն մէջ միջհամայնքային հարցեր հրահրելու փորձերը. միւս կողմէ, շրջանի բնակիչները չեն կրնար անվերջանալիօրէն հանդուրժել այդ զինեալ երեւոյթները, օրինազանցութիւններն ու ոտնձգութիւնները:

Ուստի, ապահովական մարմինները պարտին փութալ վերջ դնելու այդ վտանգաւոր երեւոյթներուն եւ այդ արարքներու հեղինակները յանձնեն դատական իշխանութեան, սանձելու համար միջհամայնքային հարցեր յառաջացնելու փորձերը եւ կարգի բերելու բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան սանձարձակօրէն եւ անհետեւանք խախտել խաղաղ բնակչութեան եւ շրջաններու անդորրը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Որոշեց «Հայոց Պատմութիւն»-ը Դարձնել «Հայաստանի Պատմութիւն»

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.