Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան-Պարտէզը Անմոռանալի Ամառ Պարգեւեց 33 Հայ Մանուկներու

Յուլիս 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Գրադարան» յանձնախումբին, 17 յունիսէն 12 յուլիս  6-12 տարեկան 33 հայ մանուկներ իրենց ամառնային արձակուրդին մէկ մասը անցուցին  ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան- պարտէզին մէջ` վայելելով պատասխանատուներուն կողմէ պատրաստուած այլազան ու ճոխ ծրագիրները` երգեր, պարեր, արուեստի տարբեր ճիւղերու ծանօթացում, պտոյտներ եւ տարբեր վայրեր այցելութիւններ:

Մէկ ամսուան ընթացքին «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանի ամառնային յայտագիրի մասնակիցները ունեցան ներքին տարբեր աշխատանքներ ու գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ տուին այցելութիւններ` Համազգայինի գրախանութ, «Վահէ Սէթեան» տպարան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, Լիբանանի հրշէջներու կեդրոն, «Պատկեր» արուեստի կեդրոն եւ այլն: Իւրաքանչիւր վայրի մէջ անոնք հիւրընկալուեցան պատասխանատուներուն կողմէ` Յակոբ Հաւաթեան, Նազելի Աւագեան ու Արփի Մանկասարեան, եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ ու նուէրներ:

Անոնք նաեւ ունեցան տարբեր մարզեր ներկայացնող հիւրեր: Այսպէս Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբը, որ հայկական գեղեցիկ պարերով հմայեց փոքրիկները, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» գեղարուեստի դպրոցի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանը, որ փոքրիկներուն ծանօթացուց գծագրութեան զանազան ձեւերը եւ գծագրութեան տեսակներու մասին բացատրութիւններ տուաւ, «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի, որ ոչ միայն գեղեցիկ երգեր հրամցուց աշակերտներուն, այլ նաեւ երգելու փորձեր կատարեցին միասին:

Պարտէզ-գրադարանի մասնակիցներուն հետ հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի երկարամեայ նախկին տնօրէն Սօսի Սաղըրեանը, որ նաեւ մանկական գիրքերու հեղինակ է եւ իր գիրքերէն «Երեք քոյրերուն նպատակները» գիրքը ներկայացուց փոքրիկներուն, զրուցեց անոնց հետ: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տհոլահարները եւս եղան պարտէզին հիւրերը եւ իրենց տհոլներու թնդիւններով փոքրիկները տարին դէպի հայկական հեռու գաւառները. տհոլի ուսուցիչ Նարեկ Քէշիշեան ներկայացուց տհոլը` իբրեւ երաժշտական գործիք եւ բացատրեց անոր գործածութեան ձեւը:  Այլ առիթով Սէրլի Կիւլիւմեան մասնակիցներուն ներկայացուց ջուրի շրջանառութեան փուլերը (water cycle) եւ անդրադարձաւ ջուրի կարեւոր յատկութիւններուն` նշելով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործեն ջուրը` թէ՛ մարմնի արտաքին մաքրութեան համար եւ թէ՛ մարմնի ներքին գործարաններուն համար:

«Քնար» պարախումբէն Անդօ Գրիգորեան պարի մասին բացատրութիւն տալէ ետք, 2 պար սորվեցնելով` ուրախ մթնոլորտի մէջ պահեց փոքրիկները:

Բազմաբնոյթ գործնական աշխատանքներու ճամբով պարտէզ-գրադարանի մասնակիցները տեղեկութիւններ ստացան առողջապահական, կենցաղային, ընկերային, կրօնական տարբեր նիւթերու մասին, անշուշտ մնայուն կերպով ունեցան` խաղեր, հաճելի ժամանց, ձեռային աշխատանքներ եւ ամառը ուրախութեամբ լեցնող ծրագիրներ: Մասնակիցները նաեւ ունեցան ազգային ու հայկական շունչով յայտագիրներ:

Ուրբաթ, 12 յուլիս 2024-ին «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ գրադարանի ամառնային յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

Հանդէսը ընթացք առաւ յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանի, Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, պաշտօնական հիւրերու, ծնողներու եւ պարտէզ- գրադարանի բարեկամներու:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ հանդէսին, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը Արցախի մեր հերոս նահատակներուն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ԼՕԽ-ի նուիրեալներուն:

Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Թալին Կէօվօղլանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անոնց ծանօթացուց գրադարանի ստեղծման պատմութեան, ներկայ աշխատանքն եւ նպատակը` յայտնելով, որ այս գրադարանը ԼՕԽ-ի աջակցութեամբ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հսկողութեամբ եւ ձեռներէց ու գուրգուրոտ ուսուցչական կազմին ճիգերով յաջողեցաւ 6-12 տարեկան փոքրիկներուն ձիրքերը, հմտութիւնները, ինքնավստահութիւնը եւ խմբային աշխատանքով ընկերասիրութեան զգացումները ամրապնդել ու զարգացնել: Ան ծնողներուն յայտնեց, որ ԼՕԽ-ին վստահած իրենց հոգեհատորները մէկական հրաշքներ են իրենց ձիրքերով ու այլազան կարողութիւններով, եւ վստահեցուց, որ միշտ պիտի գործակցին զանոնք օգտաշատ եւ մաքուր միջավայրի մէջ պահելու:

Ապա խօսքը ուղղելով պարտէզ-գրադարանի փոքրիկներուն` շնորհաւորեց զանոնք, կանաչ ճանապարհ մաղթեց եւ յորդորեց, որ մնան պարկեշտ, ձգտին միշտ լաւագոյնին, բարի օրինակ դառնան իրենց տարեկիցներուն եւ ամէնէն կարեւորը` ըլլան տիպար ու հպարտ հայեր:

Թալին Կէօվօղլանեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ գործնապէս ալ նպաստեցին այս ծրագիրի իրականացման ու յաջողութեան:

Տրուած ըլլալով, որ հանդէսին կեդրոնական նիւթը «Միասնականութիւն եւ ուժ»-ն է, հանդէսը կանոնաւոր եւ հաճելի ձեւով ընթացաւ այս թեմային վերաբերող երգերով, պարերով եւ կենդանի պատկերով:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան յատուկ վկայագիր, ինչպէս նաեւ` մանկական գիրքեր: Յատուկ մրցանակներ ստացան իւրաքանչիւր տարիքային խմբակի լաւագոյն արդիւնք արձանագրող փոքրիկները:

«Վերջին զանգ» երգով, հիւրասիրութեամբ ու փոքրիկներուն արցունքախառն դէմքերով փակուեցաւ հանդէսը:

Այդ օրը փոքրիկները նաեւ հիւրընկալեցին երգչուհի Լոռի Կիւլիւմեանը, որ երգերով ուրախացուց փոքրիկները:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Բարձրագոյն Պաշտօնեաները Արձակուրդի Մէջ Են. Ոմանք Յոյս Ունին, Որ Անոնք Չեն Վերադառնար

Յաջորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին Բազմազան Ծրագիրները Կը Կատարուին Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?