Հայագիտական Կեդրոնի
2023-2024 Հունձքի Վկայականաց Բաշխում
Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի 2023-2024 կրթական տարուան վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 9 յուլիս 2024-ի յետմիջօրէին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան: Ան դիտել տուաւ, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով` Հայագիտական կեդրոնի ծրագիրը ուսանողներուն կը ներկայացուի երեք տարբեր դասարաններով, եւ այս տարուան հունձքը կը կազմեն միայն երեք տարիները յաջողութեամբ ամբողջացնողները. «Մեր նպատակն է դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, սփիւռքեան մեր գոյավիճակին մէջ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը վերածել հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային արժէքներու պահպանութեան եզակի վայրի մը, որուն իրականացման մէջ մեծապէս շնորհակալ կը մնանք կաթողիկոսարանի դիւանապետին, ինչպէս նաեւ` կրթական յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին հետեւողական աշխատանքին», ընդգծեց ան: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Շխրտըմեան մաղթեց, որ կեդրոնէն հրաժեշտ առնելով` իրենց գիտելիքները ի գործ դնեն ազգային կեանքին բարօրութեան: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, դիւանապետին, ուսուցչական կազմին եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները: Այս առիթով ան յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Հայագիտական կեդրոնը պիտի փոխադրուի նորահաստատ Խորէն Ա. կեդրոն:
Աւարտականներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Մարինա Տաղլեան: Ան հաստատեց, որ ուսումնական երեք տարիներու աւարտին դժուար է հուսկ բանք արտասանել ու բաժնուիլ կեդրոնէն, ուր կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեան ներքեւ հարստացուցին արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի եւ գրականութեան իրենց գիտելիքները:
Վկայականաց բաշխումէն ետք իր պատգամը յղեց վեհափառ հայրապետը, որ անդրադարձաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ` այդ ծիրին մէջ արեւմտահայերէնի նահանջին, եւ շեշտեց հայագիտութեան նոր մղում տալու կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքը աւելի ծաւալելու ու կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս գծով իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց: Հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ հայագիտութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է, եւ այս նախանձախնդրութեամբ կաթողիկոսարանը պիտի շարունակէ նախաձեռնել նոր ծրագիրներու ու աշխատանքներու: Ան ողջունեց կեդրոնէն չորս վկայեալները` գնահատելով անոնց կատարած աշխատանքը: Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանին, յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին:
Եռամեայ ծրագիրի չորս շրջանաւարտներն են` Լոռի Եագուպեան-Յարութիւնեան, Մարինա Յարութիւն Տաղլեան, Ցոլեր Սերոբ Գարակէօզեան եւ Օսան Խաչեր Խաչերեան:
Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը
Հայագիտական Միջազգային Քոնկրեսին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաշտոցեան մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական միջազգային քոնկրեսին, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 19 յուլիս 2024-ի առաւօտուն:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Տաճատ վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման: Այս միջոցին կազմակերպուած «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէսին, Հայաստանի եւ սփիւռքի պետական սեփական հրատարակչութիւններու կարգին, ներկայացուեցան կաթողիկոսարանի տպարանէն վերջին հինգ տարիներուն լոյս տեսած հայագիտական հրատարակութիւնները: Այս առթիւ կաթողիկոսութեան միաբաններ Թորգոմ արք. Տօնոյեանն ու Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան, ինչպէս նաեւ ազգայիններէն Մհեր Տէր Յովհաննիսեան, որոնք Երեւան ժամանած էին «ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքի շնորհահանդէսին մասնակցելու, եւ որոնք միասին շրջեցան ու ծանօթացան նոր հրատարակութեանց:
«Գրատօն» ծրագիրի իրականացման զուգահեռ, կատարուեցաւ շնորհահանդէսը ԺԳ. տարուան «ՀԱՍԿ» հայագիտականին, որ նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին: Բացման խօսք արտասանեց Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Հայկ Համբարձումեան, որ բացատրեց «ՀԱՍԿ» տարեգիրքին անցած ճանապարհը եւ հրաւիրեց փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեանը, որ ողջոյնի, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա ԺԳ. հատորի բովանդակութիւնը ներկայացուց Մատենադարանի գիտաշխատող Էլիա Սարիբէկեանը: Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ «ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքի խմբագիր, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան:
«ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան քոնկրեսին մասնակցողներուն:
Մասնակցութիւն` Կրօնական Բնագաւառին Մէջ
Կիներու Մասնակցութիւնը Քաջալերող Համագումարին
2006 թուականին Լիբանանի մէջ հիմնուած «Ատիէն» (Adyan) կազմակերպութիւնը տարեկան այլազան բնոյթի հանդիպումներ կազմակերպելով` կը փորձէ հասարակաց արժէքներու շուրջ համախմբել` Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ, երիտասարդներ, մտաւորականներ եւ զանազան բնագաւառներու պատկանող մասնագէտներ: Այս կազմակերպութիւնը գրասենեակներ ունի տարբեր երկիրներու մէջ: Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու համագործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ, յատկապէս` իսլամութեան ու քրիստոնէութեան:
Առ այդ, շաբաթ, 29 յունիս 2024-ին, նախաձեռնութեամբ «Ատիէն» կազմակերպութեան, տեղի ունեցաւ միջկրօնական համագումար մը, որուն նպատակն էր քաջալերել կիներու դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւ իրաւունքները կրօնական բնագաւառէն ներս: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին մարոնի, յոյն ուղղափառ ու կաթոլիկ, հայ ուղղափառ ու աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ տիւրզի համայնքէն ներկայացուցիչ մը:
Համագումարի ընթացքին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի երկու դասախօսներ յաջորդաբար ներկայացուցին կնոջ համահաւասար դիրքը ստեղծագործութեան մէջ եւ ապա խօսեցան քրիստոնէութեան ու իսլամութեան պրիսմակէն դիտուած կնոջ բարձր արժէքին մասին: Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով` դասախօսները շեշտեցին կրօններու զարգացման ու տարածման մէջ կիներուն ունեցած դերակատարութեան մասին:
Յիշեալ համագումարին, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:
Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ ԵՀԽ–ի
Էքիւմենիք Դաստիարակութեան Եւ Կազմաւորման
Յանձնաժողովի Հանդիպման
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Էքիւմենիք դաստիարակութեան եւ կազմաւորման յանձնաժողովը իր առաջին ժողովը գումարեց յունիս ամսու վերջին շաբթուան ընթացքին, Սէուլի Եոնսէյ համալսարանին մէջ, Հարաւային Քորէա:
Յանձնաժողովը օրակարգի վրայ ունէր ութամեայ գործունէութեան ծրագրաւորումը, յատկապէս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող ԿԷԹԻ համաշխարհային էքիւմենիք աստուածաբանական հիմնարկի ծրագրի եւ էքիւմենիք կազմաւորման առցանց դասապահերու նոր ծրագրի մը` Պոսէյի էքիւմենիք հիմնարկին հետ համագործակցաբար:
Ժողովականները առիթ ունեցան այցելելու քորէական ապառազմականացած գօտին եւ աղօթելու շրջանի խաղաղութեան ու կողմերու հաշտեցման համար: Հարկ է նշել, որ ԵՀԽ-ը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Քորէայի մէջ խաղաղութեան վերականգնման ի խնդիր:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ սոյն յանձնաժողովին մասնակցեցաւ Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ եւ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրանդ ծ. վարդապետ Թահանեան: