ՍԴՀԿ Լիբանանի վարիչ մարմինը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ մարմինը կը հետեւի ապահովական այն միջադէպերուն, որոնք նախորդ երկու օրերուն տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ:
Կը մերժենք եւ կը դատապարտենք կարգ մը անհատներու կողմէ համայնքային կիրքեր հրահրող կարգախօսներու վանկարկումը, ինչ որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի Պուրճ Համուտի շրջանի մէջ տիրող համակեցութեան մթնոլորտին հետ, ինչպէս նաեւ մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք այն բանի առնչութեամբ, թէ ինչպէ՛ս անհատական միջադէպեր կը վերածուին հաւաքական անկարգութիւններու եւ ոտնձգութիւններու` կուսակցական տեղական ակումբներու, նաեւ ներխուժումի փորձի` հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ ցոյց կու տայ, որ անոնք, որոնք փորձեցին մեծցնել միջադէպին ծաւալը, ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տան ապահովական ուժերուն կամ շրջանին մէջ ապահովութեան:
Կոչ կ՛ուղղենք ապահովական եւ դատական մարմիններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները շրջանի բնակիչներուն նկատմամբ եւ պահպանելու քաղաքացիական ապահովութիւնը: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք շրջանի բնակիչներուն` անսալու տրամաբանութեան ու իմաստութեան կանչին եւ չներքաշուելու ապահովական սանձարձակութեան ու կիրքերու հրահրման մթնոլորտին մէջ:


