Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 22 յուլիս 2024-ին այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան ու խմբագրութեան հետ:
Սրբազանը` ծանօթանալէ ետք «Ազդակ»-ի տարբեր մարզերու ծրագիրներուն, հաստատեց, որ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ մեծ թիւով ընթերցողներ հետեւողականօրէն կը կարդան «Ազդակ»-ը եւ կը հետեւին անոր գործունէութեան: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ «Ազդակ» կ՛արձագանգէ Քալիֆորնիոյ հայութեան կեանքին եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: