Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին ուրբաթ, 19 յուլիս 2024-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակսն կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Վրէժ Սապունճեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ պատանիներու:
Հանդիսութեան պատգամախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան:
Յայտագիրի ընթացքին պատանիները երգերով, ասմունքով, պարով եւ ներկայացումներով փոխանցեցին օրուան խորհուրդը:
Հետագային կը ներկայացնենք ձեռնարկին մանրամասնութիւնները: