Ուրբաթ, 9 օգոստոսին Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բազմավաստակ կրթական մշակ, դասախօս, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, խմբագիր եւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան կեդրոնական դէմքերէն Յարութիւն Քիւրքճեան: Քիւրքճեան խմբագիրն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան եւ կառոյցին վերաբերող բազմաթիւ աշխատութիւններու:
Յարութիւն Քիւրքճեանի գործին ու վաստակին «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ տակաւին:


