Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին Նուիրուած Երգահանդէս

Օգոստոս 12, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, չորեքշաբթի, 7 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին նուիրուած երգահանդէս` ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու, որոնք եկած էին վերյիշելու եւ վերապրելու անցեալի յուշերը եւ ըմբոշխնելու տաղանդաւոր երգիչին երգերը:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, դիտել տուաւ, որ թատերասրահի վարչութիւնը նախապէս նախաձեռնած էր Լեւոն Գաթըրճեանի նուիրուած երգահանդէս մը` յարգելու համար լիբանանահայ երգիչներու` հայ երգերու հանդէպ ստեղծած աւանդը, իսկ այժմ կը ներկայացնէ սփիւռքահայ երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին նուիրուած երգահանդէս մը: Մխսեան հաստատեց, որ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը եղած է ինչպէս թատրոնի, նաեւ երգի մէջ սփիւռքահայ արուեստագէտներու բեմը, եւ վարչութիւնը պարտք կը զգայ նման նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մանուէլ Մէնէնկիչեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը, ուր կարճ խօսքով ելոյթ ունեցաւ արուեստագէտը:

Ապա, խմբավարութեամբ մայսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ մասնակցութեամբ «Ռիվայվըլ պենտ»-ին յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հետեւեալ վեց երգիչները, որոնք մեկնաբանեցին Մանուէլ Մէնէնկիչեանի երգերէն փունջ մը:  Ղազար Քէօշկերեան մեկնաբանեց` «Սիրոյ խոստումը» եւ «Հեռացար,  հեռացիր», Նորայր Գազանճեան` «Երջանկութեան արցունքները» եւ «Երգիր թէ երգիր», Շաքէ Պաղտասարեան «Գետակի վրայ», «Մոռացար զիս, դու մոռացար» եւ «Ալիքները կը կանչեն», Ռիք Աճեմեան` «Գաղտնի սէր» եւ «Մի՛ մօտենար, չեմ ուզեր քեզ», Աննա Հարպոյեան` «Փարիզեան գիշեր» եւ «Մէկը չկայ քեզ նման», իսկ Պրունօ կիթառի վրայ նուագելով` մեկնաբանեց իր իսկ ստեղծագործութեամբ սպաներէն լեզուով «Երջանկութեան արցունքները» երգը: Աւարտին բոլորը միասնաբար մեկնաբանեցին «Դու սպասիր, ես կը գամ» երգը, իսկ հանդիսատեսներու բուռն փափաքին վրայ երգեցին «Սիլվա՛, ինչո՞ւ գացիր» երգը:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր երգին զուգահեռ,  տեսերիզի վրայ անձայն կը ցուցադրուէր Մանուէլ Մէնէնկիչեանի կատարողութեամբ նոյն երգին մեկնաբանութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին վարչութեան նախաձեռնութիւնը եւ արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը նման ձեռնարկներու նկատմամբ` խնդրելով, որ յաճախակիօրէն կազմակերպուին նմանօրինակ հանդիսութիւններ, որպէսզի միշտ յիշատակուին մեր սփիւռքահայ երգիչները, եւ վառ մնան անոնց երգերը:

Նախորդը

Սիմոն Սիմոնեանը, Իր «Սփիւռք»-ն Ու Տպարան «Սեւան»-ը, Իր Գուրգուրանքը` Հայաշխարհի Մատենագիրներէն Մինչեւ Ժամանակակից Գրողներուն Ու Ուսանողներուն

Յաջորդը

Նշմար. Ուսանողները Տապալեցին Պանկլատեշի Տիրակալը

RelatedPosts

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում
Գաղութային

Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Յունիս 13, 2025
Շնորհակալական Այցելութիւն` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի
Գաղութային

Շնորհակալական Այցելութիւն` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?