Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

Օգոստոս 21, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 18 օգոստոսին  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք մեր նախնիներուն օրինակով կատարելու խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը եւ նշելու Աստուածամօր մահուան եւ երկինք տեղափոխուելու առիթը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս զոյգ առիթները մեզ կը հրաւիրեն անդրադառնալու, թէ հոն, ուր Աստուած կայ, այնտեղ կեանք, տէրութիւն եւ շքեղութիւն կայ, իսկ այնտեղ, ուր Աստուած չկայ, այնտեղ ազգն ու ընկերութիւնը կը քայքայուին, եւ կը խորտակուին, աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ այս զոյգ յիշողութիւնները, որպէսզի զգանք, թէ ամէն ինչ պատահականութեան ձգելով` չենք կրնար Աստուծոյ օգնականութիւնը ունենալ` իբրեւ օժանդակութիւն մեր կեանքին համար: Առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ այս տօնը զգաստութեան եւ գիտակցութեան հրաւէր է բոլորիս համար եւ մեզի կը թելադրէ նայելու մեր կեանքին` տեսնելու համար իսկապէս, թէ ո՛ւր է Աստուծոյ հետքը մեր առօրեային մէջ: Ան ըսաւ, որ մենք կը պահենք խաղողօրհնէքի յիշատակը, բայց չարաչար կը մոռնանք այդ յիշատակին մէջ փնտռել հաւատքը եւ կեանքի նկատմամբ անոր կեցուածքը, հարց տալով, թէ մենք մեր հաւատքով ի՞նչ կը շինենք եւ ի՞նչ կ՛ընծայենք Աստուծոյ:  Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը հաստատեց, որ սկսած ենք շեղիլ, խոտորիլ եւ հեռանալ մեր նախնիներուն ուղիներէն, եւ թելադրեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ ու անդրադառնալ, թէ աշխարհի մէջ ապրիլ` կը նշանակէ կեցուածք ունենալ եւ ամուր նկարագիրով մասնակից դառնալ կեանքին:

Ան յայտնեց, որ Աստուածաշունչը վերափոխման մասին արձանագրութիւն չունի, սակայն վերափոխումը դարերէ ի վեր կը պատմուի եւ կը բարգաւաճի քրիստոնեաներուն կեանքէն ներս, եւ նկատել տուաւ, որ այս վկայութիւնը միայն մենք չենք տար, այլ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը վկայէ զայն` օգոստոս ամսուան ընթացքին նշելով Աստուածամօր մահուան եւ երկինք փոխադրութեան յիշատակը: «Աստուածամայրը աշխարհի ամէնէն խոնարհ, հեզ, պարկեշտ արարածն էր, բայց ան իր նուիրումով եւ իրեն ընծայուած մայրական պարտականութեան ընդմէջէն արժանացաւ Աստուծոյ շնորհքին եւ տեղափոխուեցաւ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ բացատրեց, որ Վերափոխման տօնը իւրաքանչիւրիս համար պատգամներ կը թելադրէ մեր կեանքին եւ աշխատանքին համար, եւ այդ թելադրութիւններն ու ցուցմունքները յատկապէս կը վերաբերին մեր մայրերուն, որոնց վստահուած է զաւակ դաստիարակելու եւ տուն պահելու նուիրական աշխատանքը: Ան ըսաւ, որ հագուստով երեւելի պէտք չէ ըլլանք, այլ մեր տուած դաստիարակութեան հետքը պէտք է երեւի մեր զաւակներուն վրայ: «Վերափոխման տօնին առիթով այս թելադրութիւնը այսօր Աստուածամայրը կը փոխանցէ մեր մայրերուն եւ մեզ կը հրաւիրէ զգաստութեան` յիշեցնելով, որ ոչ միայն մեր զաւակներուն վիճակը, այլ` մեր ընկերութեան վիճակը կախեալ է մեր մայրերուն աշխատանքէն», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ եթէ ճիշդ ձեւով, հաւատքով, պարկեշտութեամբ կատարենք Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պարտականութիւնները, վստահաբար մենք ալ կ՛արժանանա՛ք Աստուծոյ շնորհած պարգեւին, այլապէս մենք զմեզ կ՛աղաւաղե՛նք քայքայուելու եւ փճանալու համար:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Նախորդը

Գերիշխա՜ն Հայաստան Եւ Դուրսէն Շարժող Մատներ

Յաջորդը

Թիերի Հանրի Կը Լքէ Ֆրանսայի Ողիմպիական Խումբը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?