Յետպատերազմեան լիբանանեան մարզական կեանքը ապրեցաւ շատ մը նորութիւններ. արհեստավարժութեան դրութեան որդեգրումը, մեծաթիւ օտար մարզիկներով ծախսալից խումբերու կազմութիւնը լիբանանեան ակումբներն ու միութիւնները դրին նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման:
Իբրեւ լիբանանեան մարզական կեանքի ստեղծման ու զարգացման մասնակից միութիւն, ՀՄԸՄ եւս 1990-ական տարիներու կէսերէն քայլ պահեց իրեն պարտադրուած կացութեան հետ եւ, հակառակ միութեան յաջորդական Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն, տեղական պայմաններու ընդառաջ, շարունակեց արհեստավարժ դրութեան որդեգրումը` յաճախ ի հաշիւ միութեան սկզբունքներուն եւ ի վնաս` կամաւոր աշխատանքի անոր գործելակերպին:
ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը (Հայաստան, 2023) դարձեալ անդրադարձաւ այս հարցին եւ ժողովէն ընտրուած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր առաջին լիագումարին որոշեց անպայման վերջ տալ արհեստավարժութեան կիրարկման եւ վերադառնալ սիրողական մարզախաղերու դրութեան` միաժամանակ զարկ տալով մարզական դպրոցներու (աքատեմիներու) գործունէութեան:
Առ այդ, անսալով Կեդրոնական վարչութեան որոշումին ու պահանջին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ մարզական 2024-2025 տարեշրջանը պիտի ըլլայ արհեստավարժ դրութեամբ աշխատանքի իր վերջին տարեշրջանը: Այս նպատակով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յառաջացուցած է արհեստավարժութեան դադրեցման յանձնախումբ մը, որ պիտի տնօրինէ Լիբանանի մէջ արհեստավարժութիւն կիրարկող ՀՄԸՄ-ական խումբերու մարզական վերջին տարեշրջանի նիւթական, քարոզչական, յարաբերական եւ կազմակերպչական բոլոր որոշումները: Յանձնախումբին անդամներու շարքին են ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի վարչութիւններու ատենապետները:
Գիտենք, որ որոշումին գործադրութիւնը կրնայ բախիլ որոշ դժուարութիւններու, սակայն հակառակ ընթացքին շարունակութիւնը, իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի համար կը ստեղծէ նիւթական, վարչական եւ կազմակերպչական անյաղթահարելի դժուարութիւններ, որոնց վերջնական լուծումը բոլորէս կը պահանջէ արմատական ու ոչ ժողովրդային քայլեր:
ՀՄԸՄ մարզական իր կեանքը պիտի շարունակէ մասնաճիւղային խումբերով, կրտսերներու տարիքային կազմերով, ԼԵՎԱՄ-ի եւ մարզական իր դպրոցներու գործունէութեամբ, ուր նորահաս սերունդը հասակ պիտի առնէ միութենական իրաւ արժէքներով եւ ազգային-գաղափարական հայեցի դաստիարակութեամբ:
ՀՄԸՄ թափ պիտի տայ միջմասնաճիւղային իր մրցաշարքերուն եւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու մասնակցութեան, այն խոր համոզումով, որ ՀՄԸՄ-ի նման միութիւններու համար մարզախաղերը միջոց են եւ ոչ` նպատակ: Այսօր, աւելի քան երբեք, գոյութիւն ունի առաջնահերթութիւններու հարց եւ հարկ է ճիշդ տեղին ու ժամանակին կողմնորոշուիլ` ի նպաստ մեր միութեան ապագային եւ ի սպաս մեր նորահաս սերունդին, մնայուն ուղեցոյց ունենալով միութեան 106-ամեայ նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ը:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ