Երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ յայտարարեց Լիբանանի խորհրդանիշ, ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն, Կաթողիկէ ընդհանրական եկեղեցւոյ կարտինալ, Աստուծոյ ծառայ` երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մանրամասնութիւնները:
Գերապայծառ Պատիշահ նշեց, որ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես պիտի ըլլայ Աստուծոյ ծառայ Աղաճանեան կարտինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ պիտի համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, արտացոլացնելով ազգային միասնականութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն հաւատքը: Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի նախագահութեամբ եւ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, կարտինալ Աղաճանեանի աճիւնները թափօրով պիտի տեղափոխուին եւ ամփոփուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:
Գրիգոր եպս. Պատիշահ իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ 28 հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի մէջ ընթացք առած էր կարտինալ Աղաճանեանի երանացման դատը:
«Մենք այսօր կը դիմաւորենք անոր մաքրամաքուր մարմինը, որ պիտի հանգչի նորակառոյց եւ մշտական իր շիրիմին մէջ: Աղաճանեան պատրիարքին աճիւնները ընդունիլը ինքնին հասարակ կրօնական բնոյթ չունի, քանզի ան կը մարմնաւորէ ազգային եւ միասնականութեան ոգին, եւ այս առիթը տօն է, որովհետեւ կարտինալ Աղաճանեան իր կեանքը նուիրաբերած էր ազգին ու եկեղեցւոյ եւ կրած էր մեծ պատասխանատուութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը հանդիսացած էր «Հաւատոյ տարածման» ժողովին նախագահի պաշտօնավարումը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական մասնակցութիւնը երջանկայիշատակ Յովհաննէս Ի. եւ Պօղոս Զ. քահանայապետներու ընտրութեանց համաժողովին, եւ որոնք սրբադասուեցան Ֆրանչիսկոս քանանայապետին կողմէ 2014 եւ 2018 թուականներուն», ըսաւ գերապայծառը` աւելցնելով, որ այս պատմական իրադարձութիւնը կը թուի, թէ կու գայ ամբողջացնելու մարոնիներու երջանկայիշատակ Տուէյհի պատրիարքի երանացման գործընթացը, որ տեղի ունեցաւ 2 օգոստոսին, որովհետեւ երկուքն ալ լոյսի եւ հաւատքի փարոսներ էին: Անոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած էին եկեղեցւոյ եւ Լիբանան հայրենիքին:
Գերապայծառը շեշտեց, որ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքը մեզի աւանդած է հաւատքի եւ սիրոյ մեծ ժառանգութիւն եւ յուզիչ կտակ մը, ուր արտայայտած էր իր անմնացորդ խոնարհութիւնը եւ անխախտ ցանկութիւնը` ապրիլ ու մեռնիլ իբրեւ հնազանդ որդի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի հետ լիակատար միութեան մէջ: «Հակառակ անոր որ ան մահացած էր 16 մայիս 1971-ին, սակայն անոր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, որովհետեւ 53 տարիներ անց անոր սրբութիւնը տակաւին կը բուրէ ամէնուրեք», նշեց ան:
Գրիգոր եպս. Պատիշահ նաեւ նկատել տուաւ, որ անհամեմատելի է կարտինալ Աղաճանեանի դերը Լիբանանի պատմութեան մէջ: «Ան ձայնն էր բոլոր ճնշուածներուն, թիկունքը` անզօրներուն, եւ ջանասիրաբար աշխատած էր միաւորելու բոլոր լիբանանցիները, մերձեցնելու անոնց տեսակէտները, հանդիսանալով բարոյականութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան տիպար մը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է բոլորին հոգիներուն մէջ», ընդգծեց գերապայծառը:
Ան աւելցուց, որ այս յոյսի նշանով իրենք կը շարունակեն այս առաքելութիւնը` կրելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արժէքներն ու ժառանգութիւնը, եւ իրենք լիայոյս են, որ վաղը կ՛ունենան նոր երանելի եւ ապա սուրբ մը, որուն անունը կը բարձրաձայնուի Ս. խորաններէն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ մենք, ազգովին, երբեք յոգնած չենք ծառայութիւն մատուցելէ եւ վկայութիւն տալէ` Աստուծոյ խօսքը տարածելու աշխարհի բոլոր ծագերուն:
«Այս առիթով կը շնորհաւորենք հայ եւ ընդհանրական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ամբողջ լիբանանահայութիւնը` այս մեծ ուրախութեան` Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի, երէկուան կաթողիկոս պատրիարքի եւ վաղուան սուրբին իր գիրկը վերադառնալուն համար», շեշտեց գերապայծառը:
Գերապայծառը իր խօսքը լիբանանահայութեան ուղղելով եզրափակեց. «Մեզի խոր պատիւ է ձեզ բոլորդ հրաւիրել եւ համախմբել` մասնակցելու եւ ապրելու համար այս ազգային եւ հոգեւոր տօնակատարութիւնը` յոյս ունենալով, որ այս առիթը միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան արժէքները մարմնաւորելու հնարաւորութիւն կը հանդիսանայ մեր սիրելի հայրենիքին մէջ: Թող կարտինալ Աղաճանեանի հաւատքի եւ սիրոյ ժառանգութիւնը ներշնչում դառնայ ապագայ սերունդներուն»:
Ապա Գրիգոր եպս. Պատիշահ մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուող լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց: