Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Օգոստոս 1, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 27 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը:

Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք սկիզբ առաւ ձեռնարկը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Փիլաւճեան, ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դուք քուրմերն էիք  այն կուսակցութեան, որուն հիմնադիրները` քրիստափորներ, սիմոններ եւ զօրեաններն էին: Այն կուսակցութեան, որ իր երակով սնուցանեց հայ ազգը, դուք երբեք փառք հայցող չեղաք»: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի հինգ տղաքը նժդեհեան ուխտով եւ Միհրի պատգամով թրծուած էին, իսկ անոնց զոհաբերութիւնը մեծապէս արժանի է յարգանքի եւ հաւատարմութեան:

Բացման խօսքէն ետք «Յառաջ» ՊՄ պատանիներ կարդացին հինգ տղոց կենսագրութիւնները:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան: Ան իր  խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ հինգ տղոց ընտանիքներուն խօսքերը, ապա ըսաւ. «Լիզպոնի հինգը վստահաբար այսօր մեզի հետ են, այս գիւղին մէջ, որ ինքնին յեղափոխականութեան, տոկունութեան եւ կամքի խորհրդանիշ է: Անոնք այստեղ ներկայ են` մեր նախնիներէն ժառանգուած եւ հազարաւոր նահատակներու կտակը եւ պատգամը մեզի փոխանցելու: Սեդրակը, Արան, Սիմոնը, Սարգիսը եւ Վաչէն այսօր կու գան հարց տալու, թէ Արցախի կորուստէն եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ապազգային ընթացքէն ետք արդեօք բաւարա՞ր է Լիզպոնի երգը երգելը: Բաւարա՞ր է Հայաստան այցելել եւ զգացուիլ: Արդեօք բաւարա՞ր է ամէն տարի ոգեկոչական մնալ  ձեռնարկներու ներկայ գտնուիլ, իսկ տարուան մնացեալ օրերը անտարբերութեամբ ապրիլ: Վստահաբար ո՛չ: Հազա՛ր անգամ ո՛չ»:

Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Լիզպոնի հինգը պէտք չէ տեսնեն մեր կամքերու տկարութիւնը, մեր միտքերու անզօրութիւնը եւ մեր հոգիներու յուսահատութիւնը: «Պէտք չէ լսեն բազմահազար հայորդիներու սրտերուն մէջ տեղ գտած յանձնուողականութեան, պարտուողականութեան եւ յուսալքութեան ամօթալի ձայները: Լիզպոնի հինգ արծիւները, կը սպասեն լսելու ազգային-հայրենասիրական պոռթկումներով ճախրող գրիչներու խօսքերը, կը սպասեն լսել մարտունակ եւ պայքարունակ աշխատանքներով տագնապող երիտասարդներու ձայնը, կը սպասեն լսել մեր բոլորին մերժումը այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Լիզպոնի հինգը կը սպասեն նոր պայթում մը, մեր ժողովուրդի նոր ԶԱՐԹՆՈՒՄ ՄԸ»:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան շեշտեց, որ իբրեւ լիզպոնեան շունչով դաստիարակուող երիտասարդներ` հինգ անձնազոհ ու աննման տղոց այսօր մենք կ՛ըսենք. «ԼԵՄ-ի արծիւը հպարտութեամբ կը սաւառնի ու պիտի շարունակէ սաւառնիլ լիզպոնեան նորանոր սխրանքներով, իր ծոցէն ծնունդ տալով նոր անձնազոհներու եւ հերոսներու, իր երթը անխափան շարունակելով, իբրեւ յառաջադէմ, ընկերվարական եւ յեղափոխական կուսակցութեան մը ամէնէն խրոխտ, անընկճելի եւ անպարտելի երիտասարդական միաւորը, որուն համար Լիզպոնը ինչպէս երէկ, այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ կը մնայ պայքարի գերագոյն օրինակ եւ անձնազոհութեան սրբազան խորան»:

Ապա ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը: Ձեռնարկը վերջ գտաւ Լիզպոնի նուիրուած երգերով` կատարողութեամբ ԼԵՄ-ական ընկերուհիներու:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութենէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Յաջորդը

Ռանոս Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?