Պաշտօնական Այցելութիւն. Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատուն- Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ Գործակցութիւն
Երկուշաբթի, 10 մարտ 2025-ին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային համագործակցութեան եւ ծրագիրներու փոխխորհրդատու եւ ֆրանսերէնի ուսուցման պատասխանատու Իզապէլ Փիքոյին: Հանդիպումին պատուիրակութիւնը ներկայացուց Գեղարուեստի դպրոցներուն կառոյցը, ծրագիրներն ու աշխատանքները: Փիքոն մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ճիւղաւորուած եւ բեղուն գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ լեզուները մարդկութեան պատկանող հարստութիւններ են, եւ Համազգայինը մշակոյթի ճամբով նաեւ կը նպաստէ հայոց լեզուի...



















