Այս ամառ` 24 յուլիսէն 2 օգոստոս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը, որոնց պիտի մասնակցին միութեան 18 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 750 մարզիկ-մարզիկուհիներ: Անոնք Հայաստան պիտի ժամանեն հետեւեալ շրջաններէն` Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Քանատա, Աւստրալիա, Սթոքհոլմ, Փարիզ, Մարսէյ, Թիֆլիս, Երուսաղէմ, Քուէյթ, Գահիրէ, Պաղտատ եւ Լիբանան: Երեւանի մէջ անոնց պիտի միանան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիները:
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն պասքեթպոլ, ֆութպոլ, ֆութսալ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, լող, ճատրակ, թենիս եւ աթլեթ: Զուգահեռ պիտի կատարուին յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու «Հրաշք» մարզախաղերը, որոնց կրնան մասնակցիլ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն 12-22 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ: «Հրաշք»-ի մարզախաղերը պիտի ըլլան աթլեթ, soccer shooting, basketball shooting, bocce եւ tug of war:
Մարզախաղերու մասնակիցները պիտի այցելեն Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան եւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն: Անոնք պիտի ունենան ընկերային երեկոներ եւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր լծուած է տենդագին աշխատանքի` յաջողութեամբ իրագործելու համար միութեան մարզիկներուն կողմէ մեծապէս սպասուած այս իրադարձութիւնը: Արդէն իսկ պատրաստուած է մարզախաղերուն լոկոն, եւ յստակացած են մասնակից խումբերն ու մարզիկ-մարզիկուհիները:


