ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը մարտ 8-ին կազմակերպեց կիներու մեծարանքի ձեռնարկ` յիշելով մանաւանդ ԼՕԽ-ականներու մեծ փաղանգին պատկանողներուն 95 տարուան ծառայութիւնը:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ շեշտը դրաւ մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ կինը սէր է, նուիրում է, սէր` ընտանիքին հանդէպ, սէր` ազգին հանդէպ, սէր` կարօտեալին, անկարին հանդէպ, լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ այս գիտակցութեամբ ալ հայ կինը Լիբանանի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, իր ընտանիքին կողքին նեցուկ կը կանգնի եւ ձեռք կ՛երկարէ կարեկցանքի, ուշադրութեան եւ հոգածութեան կարիք ունեցողներուն անխտիր: Միքայէլեան շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը իր անսակարկ աշխատանքով աւելի քան մէկ դարէ ի վեր` 115 տարիէ, կը գործէ իր բազում ծրագիրներով, աշխատանքային տարբեր դաշտերու մէջ եւ աշխարհագրական լայնածիր դրութեամբ: Իսկ ԼՕԽ-ը ազգային գոյութեան պայքարին մէջ 95 տարիէ ի վեր, առանց խտրութեան, անշահախնդիր կը գործէ բոլոր կարօտեալներուն համար: «Հայ կնոջ աչքերուն մէջ կ՛ազնուանայ անանձ սէրերու գեղեցկութիւնը անշէջ: Հայ կնոջ սրտին մէջ բոցկլտացող իղձերու, բոցավառող մոմերու խորան կայ էադրուած, եկէք` միասնաբար խոնարհինք իր վեհութեան առաջ», ըսաւ Ազնիւ Միքայէլեան` խօսքին աւարտին շնորհաւորելով հայ կինը ընդհանրապէս, 95 տարուան միութեան մէջ ծառայող ԼՕԽ-ականները` յատկապէս, յոյս յայտնելով, որ անոնք միշտ կը մնան պատնէշի վրայ:
Բացման խօսքէն ետք «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները հրամցուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Ջութակի վրայ նուագեցին Փելիա Տեմիրճեան եւ Վանայ Թորոսեան տուտուկի վրայ (տհոլի ընկերակցութեամբ) Պարոյր Նալպանտեան: Ելոյթ ունեցաւ տհոլահարներու «Բերդ» համոյթը` Գօգօ Շէրնէզեան, Արմէն Թերզեան, Արէն Չպլաքեան: Սրինգի վրայ նուագեց Լոռի Յովսէփեան: Մեներգ` «Իմ Անի», կատարողութեամբ` Կայէլ Ապուսէֆեանի:
Օրուան պատգամաբերն էր Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան, որ լուսարձակի տակ առաւ 8 մարտի խորհուրդը, որ առիթ է նշելու կիներու իրաւունքներուն համար մղուած պայքարը, յատկապէս` շեշտելու անոր դերակատարութիւնը ընկերութեան յառաջդիմութեան մէջ: Ըստ անոր, ներկայիս Կիներու միջազգային օրը իր սկզբնական գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ, առիթ է անդրադառնալու, թէ որքա՛ն ճամբայ կտրած է մարդկութիւնը իրաւունքներու հաւասարութեան իմաստով, բայց եւ այնպէս, պէտք է միշտ յիշել, որ կիներու խնդիրները տակաւին լուծուած չեն:
Պապոյեան դիտել տուաւ. «Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ կան կին – տղամարդ անհաւասարութիւններ, ընտանիքի մէջ կնոջ եւ տղամարդու դերերը տակաւին կարծրատիպային են», աւելցնելով, որ կիներուն տակաւին վերապահուած են միութենական աշխատանքները, քան` որոշում տուողի դերակատարութիւնը:
Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ պատմութեան ընթացքին կինը տոկացած, պայքարած, ինքնութիւն պահպանած, գոյատեւման երթին զօրավիգ կանգնած է` ասոր զուգահեռ աշխատելով իր ինքնազարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման համար: «Այսօր եւս հայ կնոջ զօրացումը հիմնարար նշանակութիւն պէտք է ունենայ մեր ազգի բարգաւաճման եւ ընկերային արդարութեան ամրապնդման համար», շեշտեց ան:
Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան շեշտեց, որ հայ կնոջ հզօրացումը կը սկսի իր ինքնագիտակցութենէն եւ իրաւունքի պահանջէն` նշելով, թէ ոչ մէկ կին պէտք է ընկալէ, որ ինք երկրորդական դերակատար մըն է: Ընդհակառակը, ան պէտք է տեսնէ իր ուժն ու ներդրումը, որպէսզի կարենայ իր ազգը եւ ընտանիքը տանիլ դէպի յառաջդիմութիւն: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ կինը առանցքային դերակատարութիւն ունի ազգի կրթութեան եւ ինքնութեան պահպանման մէջ` ընտանեկան յարկին տակ ու սերունդներու կազմաւորման առումով, բայց եւ այնպէս, ան մասնակից պէտք է ըլլայ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Բանախօսը այս առումով հիմնական նկատեց կիներուն` իրարու աջակցիլը, հզօր ցանցերու ստեղծումը, որ պիտի օգնէ ընկերութեան բարգաւաճման, երիտասարդ կիներու աջակցութիւնը` գտնելու իրենց մասնագիտական ուղղութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր բազում են մարտահրաւէրները, ուստի կարեւոր է ամրապնդել կնոջ ինքնավստահութիւնը` հիմնականին մէջ անոր տնտեսական անկախութիւն տալով:
Ան իր խօսքը եզրափակեց կոչով մը. «Եկէ՛ք, բոլորս` կին թէ տղամարդ, համախմբուինք եւ աշխատինք կերտել ապահով եւ հզօր հասարակութիւն մը, որոնց միջոցով կ՛ամրապնդուին հասարակութեան հիմքերն, ու կ՛ապահովենք մեր ազգի գոյատեւումը»:
Մուտքին ներկաներուն բաժնուեցան վզակապեր` վրան տպուած ԼՕԽ-ի 95-ամեակի նշանակը: