ԼՕԽ-ի Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ. Մանուկներու Օրուան Նշում` Մանկական, Ուրախ Եւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ
Մանուկները յատուկ տեղ եւ արժէք ունին ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն եւ գործունէութեան բազմազան բնագաւառներուն մէջ: Միութեան նպատակն է ո՛չ միայն հոգատար վերաբերում ցուցաբերել մանուկներուն ու պատանիներուն նկատմամբ, այլ` անոնց պարգեւել ուրախ մանկութիւն եւ զուարթ օրեր: Այս սկզբունքէն մեկնած ալ ԼՕԽ-ը աւանդութեան վերածած է մարտին նշել Մանուկներու օրը` լուսարձակի տակ բերելով մանուկներուն իրաւունքները: Այս տարի ալ, 24 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին,...




















