Հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ի պատիւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Լիբանան ժամանած Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի պատուիրակութեան, երեքշաբթի, 11 մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ընթրիք, մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, գեղարուեստի ղեկավարներուն, տիկնանց յանձնախումբին եւ համազգայնականներու:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդան Ազնաւուրեան, որ նշեց, թէ այս հաւաքը Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի 14 անդամներու Լիբանան այցելութեան մեկնարկն է, որ ծանօթացման նպատակին կողքին, կը միտի ստեղծել խանդավառ ու ընկերական հաճելի, մտերմիկ, համազգայնավայել ու հարազատ մթնոլորտ: Ան ըսաւ, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը Լիբանանի դժուարին պայմաններուն մէջ ի գործ կը դնէ իր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի ապահովէ տարին գէթ մէկ խումբի Լիբանան այցելութիւնը, որ թատրոնի զարգացման ու տարածման աշխատանքներու շրջագիծէն անդին` նաեւ առիթ է հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ ներկայուցուց Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի Լիբանան այցելութեան մանրամասնութիւնները: Տեմիրճեան յայտնեց, որ այս օրերուն հայրենի խումբ մը Լիբանան հրաւիրելը նիւթական մեծ պարտաւորութիւններու դիմաց կը կանգնեցնէ, սակայն շնորհիւ Համազգայինի գործին հաւատացողներուն ու բարերարներուն եւ հակառակ տեսակաւոր դժուարութիւններուն` այս տարի եւս կարելի եղաւ ծրագիրը իրականացնել: Մարտիկ Տեմիրճեան նշեց, որ Հայաստանը թատրոնի կեդրոնն է ե՛ւ որակի ե՛ւ դերակատարութեան իմաստով, եւ այս շրջագիծին մէջ միշտ ալ մեր հայեացքէն պէտք չէ անմաս մնայ հայրենիքը:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Գէորգեան, որ նշեց, թէ շնորհաւորելի է Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնին, որ անպայմանօրէն լիբանանահայ թատերական կեանքին պիտի տայ նոր շունչ եւ որակ: Ան յայտնեց, որ թատերախումբերու այցելութիւնները կը ծառայեն հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման, եւ այսօրուան պայմաններուն մէջ այս ներկայացումները ունին իրենց կրկնակի կարեւորութիւնը եւ այժմէականութիւնը: Արա Գէորգեան գնահատեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախանձախնդրութիւնը այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ:
Մտերմիկ մթնոլորտի ընթացքին համազգայնականները եւ հայրենի հիւրերը շնորհակալական խօսքերով, մաղթանքներով, ասմունքով ու պարով անցուցին ընկերային յիշարժարան երեկոյ մը: