Երկուշաբթի, 17 մարտ 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Յունաստանի համայնքներու եւ կրօնական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ճորճիոս Քալանցիս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուին:
Ճորճիոս Քալանցիս միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան այցելած էր` վեհափառ հայրապետին հետ քննարկելու Յունաստանի հայ գաղութին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Յունաստանի հայ համայնքին եւ պետական կառոյցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան գծով, ապա յիշելով հայ-յոյն եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը, ան շեշտեց վերանորոգ կերպով զայն շարունակելու հրամայականը:
Յայտնենք, որ ընդհանուր տնօրէնը վեհափառ հայրապետը հրաւիրեց Աթէնք` ներկայ գտնուելու վեհափառին հեղինակած «Հայ եկեղեցին» գրքի Յունարէն թարգմանութեան ներկայացումին: