Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Դասախօսութիւն` Առողջ Միտք-Առողջ Մարմինի Մասին

Մարտ 14, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին  կազմակերպած մարտ ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի,  5 մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` իբրեւ  նիւթ ունենալով «Առողջ միտք-առողջ մարմին» (Բ. փուլ):

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ առողջութիւնը ինքնին հարստութիւն ու նուէր է, դիտել տալով, որ հարստութիւնը կարելի է ապահովել քրտնաջան աշխատանքներով, սակայն առողջութիւնը նուէր է Աստուծմէ, եւ իւրաքանչիւր անձ պէտք է պահպանէ զայն խաղաղ կեանք մը ունենալու համար: Ան ըսաւ, որ առողջ միտքը կը ներփակէ մարդոց զգացումները, հոգեբանական եւ ընկերային առողջ վիճակը, որ կ՛ազդէ մտածողութեան, զգացումներուն եւ վարուելակերպին վրայ, շեշտելով, որ առողջ մարմինը կարեւոր է ունենալու համար հոգեկան առողջութիւն: Լիւսի Բէնէնեան դիտել տուաւ, որ միտքն ու մարմինը կապուած են իրարու, եթէ մէկը վնասուի, միւսն ալ կը վնասուի, եւ շեշտեց, որ երկուքը միասին առողջ պահելով` կարելի է յաղթահարել խոչընդոտները, դիմագրաւել դժուարութիւնները, ունենալ յաջողութիւններ եւ գոհունակ կեանք:

Օրուան դասախօսն էր «Life coach» Յասմիկ Դանիէլը: Ան նշեց, որ առողջ միտքը եւ առողջ մարմինը զիրար կ՛ամբողջացնեն, բացատրելով, որ կարեւոր է երկուքին ալ հաւասար արժէք տալ, ինչպէս նաեւ` չմոռնալ հոգին: Ան թելադրեց միշտ ուրախ ըլլալ մեր անձով, միջավայրով, գիտելիքներով եւ փորձել հետք մը ձգել մեր կեանքին մէջ:

Յ. Դանիէլ դիտել տուաւ, որ երբ առողջ ըլլանք, աւելի կը կեդրոնանանք մեր աշխատանքներուն վրայ, եւ հետզհետէ օրը աւելի արդիւնաբեր կ՛ըլլայ: Առողջութիւնը անհրաժեշտ է գոյատեւելու եւ կեանքի դժուարութիւններու դէմ պայքարելու կամքը զօրացնելու համար: Այս կամքը պէտք է միշտ վառ պահենք` մեր սերունդի զաւակներուն օրինակ դառնալով, յատկանշելով անոր կարեւորութիւնը:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ մարմնի եւ մտքի առողջութիւնը կ՛ապահովէ նաեւ մարդուն ներքին հոգեկան խաղաղութիւն, որուն առկայութեան պարագային կարելի է առողջ յարաբերութիւն ունենալ մարդոց հետ եւ ամէնէն կարեւորը` կայուն ու արագ որոշումներ տալու կարողութիւնը զարգացնել, առանց ազդուելու ուրիշ մարդոց կարծիքներէն:

Դասախօսը ներկաներուն տուաւ կարգ մը ցուցմունքներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է առողջ միտք ունենալ:

1.- Քնանալով` մօտ եօթը ժամ:

2.- Ջուր խմելով, որ անհրաժեշտ է ուղեղի առողջութեան համար, ինչպէս նաեւ` նուազեցնել աղի ու շաքարի սպառումը:

3.- Երախտապարտ ըլլալով մեր ձեռք բերած արժէքներով, մեր շուրջը գտնուող մարդոցմով, մեր ասպարէզով եւ մեր ունեցածով:

4.- Առողջ պահելով մեր յարաբերութիւնները մարդոց հետ, եւ որպէս մարդկային պարտականութիւն` կարեւոր է ժխտական մտածող մարդոց օգնել մեր կարողութեան համաձայն:

5.- Մարզանք ընելով, սակայն` ոչ միայն քալելով կամ մարզանքի վայրեր այցելելով, այլ` որեւէ աշխատանքով, ուր անձը թէ՛ մարմնական եւ թէ՛ հոգեկան հանգիստ կը զգայ:

6.- Միտքը միշտ ուրախ պահելով: Իւրաքանչիւր անձ ինքզինք ուրախ պէտք է պահէ: Իր ուրախութիւնը կախեալ ըլլայ իր անձէն եւ ոչ թէ ուրիշներէն:

Յասմիկ Դանիէլ իր դասախօսութիւնը եզրափակեց` ըսելով. «Մենք ենք մեր կեանքը, եթէ անցեալը չենք կրնար փոխել, չկեդրոնանաք անոր վրայ, ծրագրենք վաղուանը, բայց ամէնէն կարեւորը` չմոռնանք ներկան: Ժամանակը թանկագին ,է եւ պէտք է միշտ ի մտի ունենանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ լաւը քաղենք մեր կեանքէն առողջ մտքով եւ առողջ մարմնով, միեւնոյն ժամանակ ծարաւ չձգենք մեր հոգին:

Նախորդը

Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն Ինչպէ՞ս Փոխած Է Մեր Աշխարհը

Յաջորդը

Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Պետական Թատրոնի Պատուիրակութեան Լիբանան Այցելութեան Առիթով. Ծանօթացման Հաւաք Եւ Մտերմիկ Ու Հարազատ Երեկոյ

RelatedPosts

«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան.  Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան  Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է  «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»
Գաղութային

«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան. Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»

Մայիս 24, 2025
«Աւանդութեանց Լուսամուտը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Աւանդութեանց Լուսամուտը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մայիս 24, 2025
Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան Եւ «Թէաթրոն» Թատերախումբը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուցին Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» Թատերախաղը
Գաղութային

Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեան Եւ «Թէաթրոն» Թատերախումբը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուցին Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» Թատերախաղը

Մայիս 23, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?