Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ. Ուսուցչաց Տօնին Նշումը Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

March 11, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 9-ը` Ուսուցչաց տօնը, այս տարի ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը նշեցին առանձին հանդիպումներով: Ուրբաթ, 7 մարտի կէսօրին, նախ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ ապա Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ կատարուեցան առանձին հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Րաֆֆի Տեմիրճեան:

Զոյգ հանդիպումերուն բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեան:

Այս առիթով խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ այլ ասպարէզներու տէր մարդիկ յաճախ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ ուսուցչական ասպարէզը առանձին տօն ունի, ինչո՞վ կը տարբերի ան մնացեալ ասպարէզներէն: Աւագեան նկատել տուաւ, որ ուսուցչական ասպարէզը նուիրական ասպարէզ է. կրօններու հիմնադիրները ուսուցիչներ եղած են, աշխարհի մեծագոյն դէմքերը եւս ուսուցիչներ եղած են, ամէն մէկը իմաստութիւն մը, գաղափարախօսութիւն մը ուսուցանած է իր յետնորդներուն: Ապա ան շեշտեց, որ ուսուցչութիւնը մարդ կը պատրաստէ, նկարագիր կը կերտէ: Գործ ունի մարդկային մտքին, հոգիին եւ սրտին հետ: Չկայ այլ ասպարէզ մը, որ մարդոց նկարագիրի հարստութիւն եւ հոգիի ազնուութիւն կը ջամբէ: Յատկապէս մեր օրերուն, երբ ամէն ինչ մեքենականացած եւ նիւթականացած է, համացանցի եւ արհեստական բանականութեան այս օրերուն մենք, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կարիքը ունինք մարդկայնականութեան եւ մարդկային արժէքներու, որովհետեւ արհեստագիտական միջոցները գիտելիք կու տան, բայց ոչ` արժէք, ոգի ու կեցուածք: Բաներ, որոնք այնքան անհրաժեշտ են մեզի:

Շարունակելով` Աւագեան շեշտեց, որ ուսուցչութիւնը միակ ասպարէզն է, որ գործ ունի ապագայի հետ: Ուսուցիչներ` իբրեւ կրթական մշակներ, կը պատրաստեն վաղուան սերունդները, անոնք կը ձեւաւորեն մեր ապագան: Ապագան անոնց ձեռքերուն մէջն է, հետեւաբար անոնք կը կատարեն պատասխանատու գործ:

Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը յատկապէս ընդգծեց, որ ճիշդ չէ ուսուցիչները յիշել ու պատուել տարին միայն մէկ օր: Պէտք է գնահատել զանոնք միշտ, նոյնիսկ հանգստեան կոչուելէ ետք` անոնց ապահովելով արժանապատիւ կեանք: Ուսուցիչի մը հարստութիւնը իր աշակերտներն են, որոնք հարկ է որ ըլլան երախտապարտ եւ միշտ յիշեն ու գնահատեն իրենց կրթական մշակները: Իսկ ինչ կը վերաբերի նիւթական գնահատանքին, ատենապետը նշեց, որ ուսուցիչներու անհաշիւ տուածը, հոգիէն ու սրտէն տուածը նիւթականով չի գնահատուիր: Իսկ տրուածը,  թուանշաններու վերածելու պարագային, միշտ չէ, որ ցանկութիւններն ու կարելիութիւնները իրարու կը համապատասխանեն: Մենք պիտի ջանանք մեր ցանկութիւնները իրականութեան վերածել եւ արժանին հատուցել բոլորին, ըսաւ ան եւ խօսքը եզրափակեց` յաջողութիւն, առողջութիւն եւ բարի ծառայութիւն մաղթելով ուսուցիչներուն:

Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան վարժարաններու տնօրէնները եւ, իրենց կարգին, շնորհաւորեցին Ուսուցչաց տօնը եւ թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ Ազգային իշխանութեան մարմինները, որոնք ճիգ ու միջոց չեն խնայեր ազգային վարժարաններու երթը անխափան պահելու համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Յայտնենք, որ նոյն օրը նմանօրինակ հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Այնճարի Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան եւ Թրիփոլիի Նուպարեան-Խրիմեան վարժարաններուն մէջ:

Նախորդը

Հինգ Մեկնաբանութիւն

Յաջորդը

«Սօս Սարգսեան»-ի Անուան Համազգային Պետական Թատրոն. Օ. Հենրիի «… Եւ Նորից Գարուն» Եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդը Ափի Մէջ» Ներկայացումները Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.