Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դրօ» Կոմիտէութեան Երախտագիտութիւնը Արագած Շրջանին Ուսուցիչներուն

March 21, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ուսուցչաց տօնին առիթով, անցեալ շաբթուան մէջ, Արագած շրջանի «Դրօ» կոմիտէն իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը այցելեց իր շրջանի վաստակաւոր թէ մատղաշ ուսուցիչներու տուները, որպէսզի երախտագիտութիւն յայտնէ հանգստեան կոչուածներուն երկարամեայ առաքելութիւն եւ շնորհակալութիւն` միւսներուն տակաւին շարունակուող գործունէութեան:

Թէեւ շրջանի Ազգային Արամեան վարժարանը արդէն 1970-ականներուն փակած էր իր դռները, իսկ շուրջ երեսուն տարի առաջ ալ Հայ աւետարանական Ստեփան Փիլիպոսեան վարժարանը դադրած էր նոյնիսկ գոյութիւն ունենալէ որպէս շէնք, իսկ ութ տարիներ առաջ ալ Պուրճ Համուտի «թաղային վարժարաններ» անունով ճանչցուած մեր սիրելի դպրոցները` Ցեղասպանութեան վերապրողներուն եւ անոնց թոռներուն կրթօճախները, միացան մէկ շէնքի մէջ, սակայն այս հայկական փոքրիկ շրջանը, թերեւս` միակը, որ Կիլիկիոյ քաղաքներէն մէկուն անունով չէ կոչուած, ներկայիս հպարտօրէն տուն է 19 կրթական գործիչներու, անոնք են` Սարգիս Տէր Յակոբեան, Շամիրամ Ֆահիլպաշեան, Տիգրանուհի Թովմասեան, Նորա Մսըրլեան, Սօսի Մարկոսեան, Նազելի Աւագեան, Վիգէն Աւագեան, Սեդա Զարմէնեան, Ադամ Թազեան, Նորա Թազեան, Նեկտար Փալազեան, Անի Մանուկեան, Լենա Մարգարեան, Ծովինար Պէպէճեան, Գէորգ Պէպէճեան, Ռիթա Մարիա Գազանճեան, Դալար Գէորգեան, Սիմա Գալայճեան եւ Թամար Կիւմիւշեան: Վերոնշեալներէն ոմանք արդէն տարիքի բերումով դադրած են պաշտօնավարելէ, իսկ ուրիշներ կը շարունակեն հայաշունչ կրթութիւն ջամբել մեր գալիք սերունդին: Արդարեւ, շրջանը հարուստ է նորափթիթ ուսուցիչներով, եւ մանաւանդ անոնց կը մաղթենք բարի առաքելութիւն:

Նկատի ունենալով մարդկային  ոչ կատարեալ բնութիւնը` մեր յիշողութիւնը յաճախ մեզի կրնայ դաւաճանել. այս իմաստով ներողութիւն կը խնդրենք վրիպումներու համար, եթէ պատահած է, եւ կը խնդրենք կապ հաստատել մեզի հետ, որպէսզի ամբողջացնենք շրջանի մեր սիրելի ուսուցիչներուն անուանացանկը: Յատուկ կերպով կ՛ուզենք նշել նաեւ ամիսներ առաջ մահացած, շրջանիս երկարամեայ ուսուցիչներէն Մանուշակ Գիզիրեանի յիշատակը:

Ուսուցիչներուն մեր յանձնած շատ համեստ յուշանուէրը երկտող մըն էր, նկարի շրջանակի անցուած, որ կ՛ըսէր.

«Սիրելի՛ ուսուցիչ,

«Սրտանց կը շնորհաւորենք ձեր` Ուսուցչաց տօնը: Դուք` սերունդ պատրաստողներդ, մշակներդ, դաստիարակները մեր զաւակներուն, ձեր ուսերուն կը կրէք հայապահպանման գերագոյն առաքելութիւնը եւ այդ կը կատարէք ամենայն համեստութեամբ:
«Մենք ընդմիշտ պարտական ենք ձեզի:
«Թող այս տօնը ցնծութիւն պարգեւէ ձեզի:
«Մնալով միշտ շնորհակալ`

«ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէ
Արագած, 2025»:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Յաջորդը

Փառանձեմ Տիւքէնճեան-Քէլեանի «Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» Հատորի Ներկայացում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.