Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայկազեան Համալսարանը 250.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն Կը Ստանայ Ժ. Պարգեւ Մ. Գասարճեան Բարեսիրական Հիմնադրամէն

March 11, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Հանրային կապերու տնօրէն

Հայկազեան համալսարանը պատիւն ունի յայտարարելու 250.000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը Ժ. Պարգեւ  Մ. Գասարճեան բարեսիրական հիմնադրամէն: Նուիրատուութիւնը պիտի ուղղուի գործարարութեան վարչութեան (Business Administration) ճիւղի ուսանողներու կրթաթոշակներուն, ակադեմական ծրագրերու գանձատրման եւ համալսարանի ակադեմական միջավայրը աւելի բարելաւելու` համակարգչային ցանցի եւ գիտաշխատանոցներու սարքաւորումներու վերազինման:

Այս կարեւոր նուիրատուութիւնը վկայութիւն մըն է փրոֆ. Պարգեւ Գասարճեանի (1935-2023) եւ Հայկազեան համալսարանի երկարամեայ կապերուն: Աւելի քան 25 տարի Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի իբրեւ անդամ ծառայելով` դոկտ. Գասարճեանի նուիրումը համալսարանին անխախտ եղած է, քանի որ ան մօտէն հետեւած եւ աջակցած է գործարարութեան վարչութեան ծրագրի զարգացման: Արժէ նշել, որ վերջերս գործարարութեան վարչութեան բաժանմունքը հաւատարմագրում ստացաւ Գործարարական կրթութեան միջազգային հաւատարմագրման խորհուրդէն (LACBE):

«Նուիրատուութիւնը առանցքային դեր պիտի խաղայ Հայկազեան համալսարանի գործարարութեան ծրագրի շարունակական զարգացման ապահովման մէջ», ըսաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` աւելցնելով. «Մասնաւորապէս ան պիտի օգնէ տրամադրելու կրթաթոշակներ, արժանի ուսանողներուն, աջակցելու ակադեմական նախաձեռնութիւններուն եւ բարելաւելու արհեստագիտական ու ենթակառուցային կարեւոր սարքերը»: Այս կը համապատասխանէ դոկտ. Գասարճեանի տեսլականին` յաջորդ սերունդի առաջնորդները զօրացնելու անհրաԺեշտ գործիքներով եւ հնարաւորութիւններով, որոնց անոնք պէտք ունին յաջողելու համար:

Դոկտ. Գասարճեանի ակադեմական եւ մասնագիտական կենսագրութիւնը նոյնքան տպաւորիչ է: Ան միացաւ Կառավարման միջազգային հիմնարկին (IMD) 1980-ական թուականներու կէսերուն, ուր ան համատեղ նշանակում մը ունեցաւ Մասաչուսեցի Պապսոն քոլեճին` ծառայելով որպէս կառավարման դասախօս եւ կառավարման բաժնի նախագահ` 1981-1987 թուականներուն: Այս պաշտօններէն առաջ ան եղած է Հարվըրտ պիզնես սքուլի դասախօսական կազմի անդամ:

«Հայկազեան համալսարանը խորապէս երախտապարտ է այս կարեւոր նուիրատուութեան համար, որ զգալիօրէն պիտի բարելաւէ իր ուսանողներուն կրթութեան որակը եւ աւելի ամրապնդէ համալսարանի  դիրքը ակադեմական աշխարհին մէջ», ըսաւ դոկտ. Յասմիկ Պարան` Հայկազեան համալսարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահը: Ան նաեւ աւելցուց. «Խորհուրդի նախկին անդամի մը պատուին կատարուած այս նուիրատուութիւնը պիտի ծառայէ համալսարանի առաքելութեան ու դոկտ. Գասարճեանի տեսլականին` ճանապարհ հարթելով աւելի յաջող եւ կարող շրջանաւարտներու համար, գործարարութեան բնագաւառին մէջ»:

Հիմնադրուած 1955-ին` Հայկազեան համալսարանը այս տարի կը տօնէ իր 70-ամեակը: Ան ամերիկեան ոճի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն մըն է Լիբանանի մէջ, որ կը տրամադրէ պաքալօրէայի եւ մագիստրոսի բազմաթիւ ծրագրեր` շեշտը դնելով ակադեմական գերազանցութեան, ազնուութեան եւ համայնքին ծառայութեան վրայ: Ազատ արուեստներու ամուր հիմքով, Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ ոգեւորել ուսանողները` առաջնորդներ դառնալու արագօրէն զարգացող աշխարհին մէջ:

 

 

Նախորդը

Երբ Մոլորակի Ութ Միլիառը Դարու Կէսին Ըլլայ Տասը

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Կ՛իմաստաւորենք Բեկումնային ԱԲ-ը (AI) Սփիւռքահայ Արժեհամակարգին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.