ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Լիբանանի Եւ Հայութեան Համար Զոհուածներու Յիշատակին Յարգանքի Հաւաք
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց պատանիները Շաղզոյեան կեդրոնէն քայլերթով ու մոմերով մեկնեցան Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշակաթող` յարգելու համար Լիբանանի եւ հայութեան համար զոհուածներուն յիշատակը: Յուշակոթողին դիմաց, պատանեկան միութիւններու անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անունով խօսք առաւ պատանի Լիլիթ Տէմիրճեան, որ ըսաւ, թէ` «Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` Պուրճ Համուտի...




















